«Փորձութեան ժամին մի՛ զլացէք, կանչէք՝ Վլադիմիր, ան օգնելու  է ձեզի»։

Լէոնիդ Ազգալդէան ասպէս խօսած է Արցախեան առաջին պատերազմին լեգենդար հրամանատար, Արցախի հէրոս Վլադիմիր Բալաեանի մասին:

Վլադիմիր Բալաեանը ծնուած է 1958 թ. փետրվար 14-ին Արցախի Մարտակէրտի շրջանի Մոխրաթաղ գիւղը՝ մտաւորականներու ընտանիքին մէջ ։

Ծառայած էր խորհրդային բանակը, սովորած՝ Ստեփանակերտի գյիւղտեխնիկումը, աշխաած է տպագրիչ, գիւղատնտես, իսկ երբ սկսաւ Արցախեան շարժումը, Մարտակէրտի անտառտնտեսութեան մէջ էր, կը մասնակցէր խաղաղ ցոյցերուն, բայց եւ շուտ հասկըցաւ, որ խնդիրը խաղաղութեամբ չէ լուծուէր, մինչդեռ ոգեւորուած հասարակութեան մտքով անգամ չէր անցնր, թէ ազատութեան ու անկախութեան, ինքնորոշման օրինական պահանջն այդքան ողբերգական ընթացք ունենալու էր, մանաւանդ աշխատավայրերուն մէջ ազատօրէն ստորագրահաւաքներ կը կազմակերպուէին Արցախի ինքնորոշման օգտին, ինչը չլսուած բան էր ժամանակի կուսակցական խիստ հսկողութեան պարագային․.. Ուրէմն, ինչ-որ տեղ ինչ-որ բան կը թոյլատրուէր արդեն, ու կը թուէր՝ բաղձալի յաղթանակը մոտ է. բաւական է շարքերն ալ աւելի ստվարանան, «Միացում», «Արցախ» վանկարկումները բռնէին ողջ օդը, հնչէին ա՛՛լ աւելի համոզիչ, բռունցքներու անտառը տեսանելի ըլլայ առաւել հեռուէն ու… Չէ՛, չեղաւ տրամաբանականը, օրինականը, մարդկայինը… Եղաւ դարերով փորձուածը… Թուրքը նոյն թուրքն էր՝ համայնավար թէ՛ կրոնամոլ…   

Վլադիմիր Բալաեանն առաջիններէն էր, որ սկսաւ պարտիզանական կամաւոր ջոկատ հաւաքել. սկզբին 6-7 հոգի էին, անոնց մեջ էին եղբայրները՝ Արթուրն ու Ռոբերտը։ Անտառին մէջ հիմնեցան ռազմական պատրաստութեան բազայ, հարկաւոր էր զինուել, զէնք հայթայթել, միջոցներ չկային, չկար ժամանակ. պէտք էր պատրաստուիլ անյապաղ… Վլադիմիր վաճառեց ավտոմեքենան, ու ստացուած գումարով զէնք ձեռք բերեցին, նաեւ սկսան զէնքեր ստեղծիլ, որոնցմէ յայտնի է Վլադիմիրի ստեղծած թնդանօթը, բայց ատ բավարար չէր. անհրաժեշտ էր պատրաստիլ մարտիկները։ «Մեզ պարտադրուած նահատակներ պետք չեն»,- կը սեր հրամանատարը, կը վստահեր կամաւորներու ինքնագիտակցութեանը, գրագիտությանը, հավատին, կամքին… Առաջնահերթը կարգապահությունն էր ու ամէնօրյա հետեւողական մարզումները. ծխելն ու խմելը բացառուած էին, կը պարապեին նաեւ մարտարուեստներ՝ կարեւորելով զինւորի բարոյական կերպարը. երբէք թոյլ չտուաւ զէնք գործածել անզէնի վրայ, ծաղրել ու անյարգալից վերաբերուիլ գերուն. ով չէր հնազանդուի սահմանուած կարգին, իսկոյն կը հեռացուէր ջոկատէն, ինչը հաւասար էր պատուազրկութեան, իսկ Վլադիմիր Բալաեանի զինակից լինելը ոչ միայն պատիւ, այլեւ քննութեան առարկա էր, անիմաստ թուաքանակը՝ խանգարիչ հանգամանք…

Սակայն շուտով ընտրեալներու շարքերն ստվարացան. 1991 թ. ձմռանը Շահումյանին մէջ Բալաեանը յանդիպաւ Լէոնիդ Ազգալդեանին, եւ պայքարը միասնական դարձաւ. անոնց ստեղծած «Ազատագրական բանակը» նմանը չունեցաւ թէ՛ իւր կարգապահութեան մակարդակով, թէ՛ մարտունակութեամբ ու գրագիտութեամբ։

 Ոչ մի անգամ անփորձ զինւորը չնետուեցաւ մարտի՝ անգամ ամէնանեղ պահին. նա անպայման անցնելու էր հրամանատարներու  դպրոցը,մասնակցելու էր  պարապմունքներու, թէկուզեւ ամէնաթեժ կռուի ընդմիջումներուն. յանգիստը բացառուած էր, հաշւարկը՝ ոչ թէ զոհուելու, այլ կռեւելու,յաղթելու, կեանքի՛ վրայ, եւ պայքարի ողջ ընթացքին  «Ազատագրական բանակը» ընդամենը չորս զոհ տուաը, 5-6-րդ զոհերը եղան հրամանատարներ Բալաեանն ու Ազգալդեանը, ովքեր երբ՝ք չլքեցան  մարտադաշտը եւ միշտ եղան առաջապահ դիրքերուն վրայ՝ պաշտպանելով ու ազատագրելով բազում բնակավայրեր՝ հաւատալով, որ յերթը պիտի յասնի՝ Արեւմտեան Հայաստանին…

Զորախումբին  մէջ կը տիրէր  թէ՛ ջերմ, բարէկամային մթնոլորտ եւ թէ՛ խիստ կարգապահութիւն: Զինւորներուն խստիւ արգելուած էր օգտագործիլ ինչպէս ալկոհոլ, այնպէս ալ ծխախոտ: Անոնք  կը տիրապետէին արեւելեան մարտարուեստներուն եւ անընդմեջ կը կոփէին իւրաենց մարմինը: Նոյնիսկ ծանր մարտերէն յետք, կամ մարտերու  օրերուն զինւորները չէին դադարեցնի մարզումները: Սակայն ամէնէն կարեւորն ու հատկանշականը երկու հրամանատարներու միմեանց յանդէպ ունեցած բացարձակ վստահութիւնն էր, հաւատը, սէրը:

Շատերուն կը զարմացներ  Վլադիմիրի սկզբունքայնութիւնը: Երբ թշնամին մոտեցեր է Մարտակէրտին, կինը տագնապահար լալով  կը խնդրէ Վլադիմիրին, որ ան  ընտանիքը դուրս բերէ գիւղէն: Սակայն Վլադիմիրը անկոտրում էր: «Եթէ ես ընտանիքս հանեմ… կը սեն` հրամանատարը կը փախնի»: Եւան մինչեւ վերջին օրն ընտանիքը թողեց գիւղը:

Ազատագրական բանակը փայլուն յաղթանակներ կը տոնէր: Երկու տարուա ընթացքին անընդմէջ մասնակցելով մարտական գործողութիւններու՝ ազատագրեց 24 գիւղ՝ պաշտպանելով ամբողջ շրջան մը եւ տալով ընդամէնը 4 զոհ: Դժբախտաբար, 5-րդը եւ 6-րդը եղան յենց իւրաենք` երկու հրամանատարները:
Վլադիմիր Բալաեանը մասնակցածլ է մարտական գործողութիւններուն՝ Մարտակէրտի, Շահումյանի, Ասկէրանի, Հադրութի և Լաչինի շրջանները:

Վլադիմիր Բալաեանը զոհուեց 1992 թ. հունիս 9-ին՝ Չայլու գիւղի խրամատներուն մէջ,, երկու շաբաթէն  յետք զոհուեց եւ Լէոնիդ Ազգալդեանը։ Վլադիմիրի գործն այսօր կը շարունակէ որդին՝ Ալէքսէյ  Բալաեանը, ով «Վլադիմիր Բալաեան» կամաւորական ջոկատի կամաւոր է ։

Western Armenia tv-ի լրագրող-վերլուծաբան ՝ Աշխէն Վիրաբեան

Leave a Reply