
Անընդունելի եւ առոչինչ․ասպէս կ’արձագանքէ Արցախի խորհրդարանն Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի յայտարարութիւններուն, որոնց մէջ « անտեսուած են Արցախի ինքնիշխանութիւնը, Արցախի ժողովրդի ինքնորոշումին իրաւունքը եւատոր իրացումին փաստը»։
Յիշեցնենք, որ մայիս 22-ին Նիկօ Փաշինեան հայտարարած էր, որ կը ճանչընա Ադրբեջանի տարածքային ամբողջականութիւնը՝ 86,600 քառակուսի կիլոմետրով, որը կը ներառէ նաեւ Արցախի տարածքը եւ անկլաւները։
Երեկ ուշ երեկոեան Արցախի խորհրդարան գումարուած արտահերթ նիստին ընթացքին միաձայն ընդունուած յայտարարութեամբ արցախցի երեսփոխանները կը պնդեն՝ Հայաստանի Հանրապետութեան ղեկավարը կոպտօրէն կը խախտէ Հայաստանի հանրապետութեան անկախութեան հռչակագիրի ու Սահմանադրութեան ամրագրումներն Արցախին մասին։
«Մեզի համար անընդունելի եւ առոչինչ են Արցախի Հանրապետութեան ինքնիշխանութիւնը, մեր ժողովրդի ինքնորոշումին իրաւունքը եւ ատոր իրացումին փաստն անտեսող Նիկօլ Փաշինեանի ցանկացած յայտարարութիւն եւ ատոր հիման վրայ կազմած որեւէ փաստաթուղթ։ Արցախը երբեք չի հրաժարուի իւր պայքարի անշեղ ուղիէն », – կ’ասուի փաստաթուղթին մէջ, որը ներկայացուց երեսփոխան Վահրամ Բալաեանը։