Առողջապահութեան համաշխարհային 76-րդ ասամբլէային մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան առողջապահութեան նախարար Անահիտ Ավանեսեան անդրադարձած է տարածաշրջանօն մէջ առկա մարտահրաւերներուն, որոնք վտանգ կը ներկայացնին Արցախի բնակչութեան կեանքի եւ առողջութեան իրաւունքի համար:

Ստորեւ կը ներկայացնենք Անահիտ Ավանեսեանի ժնեւեյան ելոյթէն հատուածներ.

«Պատիւ եւ մեծ հաճոյք է մասնակցիլ Առողջապահութեան համաշխարհային 76-րդ վեհաժողովին: 

 Հարգելի՛ գործընկերներ,

Օգտվելով առիթէն՝ կը ցանկանամ ձեր ուշադրութիւնը հրավիրել մեր տարածաշրջանին մէջ առկա մարտահրաւերներու վրա, որոնք էական վտանգ կը ներկայացնին բնակչութեան կեանքի իրաւունքի եւ առողջութեան համար։ Արդեն վեց ամիս է, ինչ Բերձորի ճանապարհով մարդկանց եւ ապրանքներու անվտանգ և անխոչընդոտ փոխադրումը Արցախ և հակառակ ուղղութեամբ կը շարունակէ արգելափակուած մնալ Բաքուի իշխանութիւններու կողմէն, ինչի հետեւանքով 120,000 բնակիչ կը գտնուէ ամբողջական մեկուսացումին մէջ: Արցախի շարունակական շրջափակումը սննդամթերքի, դեղորայքի եւ բժշկական ծառաիււթիւններու պակասի պատճառ է դարձեր։ Ադրբեջանը միտումնավոր կերպով կը քաղաքականցնէ եւ կը խոչընդոտէ Միաւորուած ազգերու կազմակերպութեան գործակալութիւններու անվտանգ եւ անարգել մուտքը Արցախ՝ հումանիտար սկզբունքներուն համապատասխան՝ այդպիսով զրկելով Արցախի ժողովրդին մարդասիրական օգնութենէ։ Այս մարտահրաւերներու լոյսի ներքոյ մենք մեծապէս կը կարեւորենք Առողջապահութեան համաշխարհային կազակերպութեան՝ ժամանակին եւ կոշտ արձագանքը Արցախին մէջ տիրող իրավիճակին՝ համաձայն իւր մանդատի եւ Սահմանադրութեան, որտեղ յստակ կ’ասուի, որ «առողջութեան ամենաբարձր հասանելի չափանիշներէն օգտվիլը հիմնարար իրաւունքներէն մէկն է»։ «Բոլոր ժողովուրդներու առողջութիւնը հիմնարար է խաղաղութոան եւ անվտանգութեան հասնելու համար եւ կախուած է անհատներու ու պետութիւններու լիարժեք համագործակցութենէ»:

Leave a Reply