
Յուշարձանագէտ Սամուէլ Կարապետեանի «Նախիջեւան» քարտէզագիրքի նպատակն է ներկայացնիլ Արեւմտեան Հայաստանի Նախիջեւան նահանգի հայկական բնաջնջուած յուշարձանները: Քարտէզագիրքը կը մերկայացնէ երկրամասին վերաբերող շարք մը հնագոյն քարտէզներ` արուած 15- 20-րդ դարերուն եվրոպացի քարտէագիրներու կողմէն: Նախապատւութիւնը տրուած է օտարերկրեա հեղինակներու աշխատանքներուն, որպէսզի շեշտուի փաստի կարեւորութիւնը:
Գիրքի երկրորդ բաժինն աշխատանքային խմբի կազմածն է: «Երկրորդ բաժինը կը սկսուի երկրամասի ֆիզիկական քարտեզէն: Կարեւոր է յատկապէս 1914թ-ի հունւար 1-ի մարդահամարի արդիւնքներով ստեղծուած ազգաբաշխական քարտէզը, որտեղ գոյներով նշուած է տուեալ ազգի բնակչութեան վայրն ու թուաքանակը: Գիրքին մէջ կարմիր գոյնով նշուած են հայաբնակ գիւղերը, կանաչով` Կովկասեան թաթարներու (մինչեւ 1935թ. կոչուեր են Կովկասեան թաթարներ, յետք՝ ադրբեջանցիներ) գիւղերը»,- ժամանակին ըսած է Կարապետեանը եւ աւելացուցած է, որ կարմիր կետերն արդեն վաղուց գոյութիւն չունին, վերջին հայաբնակ գիւղերը դատարկուեր են 1988-1989 թուականներուն:
Ինչպէս նշած է հեղինակը, «Քարտէզագիրքին մէջ ներկայացուած են 2 տեսակի յուշարձաններ` չնայած հայկական հուշարձաններու բազմազանութեանը: Ատոնք քրիստոնեական պաշտամունքային յուշարձաններն են, վանքերն ու եկեղեցիները, որոնց թիւը կը հասնի 219-ի, եւ որոնցմէ չի պահպանուեր գոնէ մէկը: Եվ չնայած ադրբեջանցիներն անընդհատ կը յայտարարեն, որ Նախիջեւանն ադրբեջանական մշակոյթի օրրան է, հայկական վանքերու եւ եկեղեցիներու պատկերները հակառակն կ’ապացուցեն։ Գիրքին մեջ ներկայացուած են նաեւ Նախիջեւանի գրչօջախները, հայկական կրթօջախները` վանական և եկեղեցական-ծխական դպրոցները»։
Արեւմտեան Հայաստանի կառաւարութիւնը վաղուց կը հետեուի Նախիջեւանի, որն Արեւմտեան Հայաստանի անբաժանելի մասն է, ճակատագիրին: Բնիկ ժողովրդի ինքնութիւնը հաստատող նիւթական մշակութային արժէքներու ՝ Խաչքարերու հանդէպ Բաքուի իշխանութիւններու կիրառած վանդալիզմի հարցով Արեւմտեան Հայաստանի նախագահ Արմենակ Աբրահամեանն ու յուշարձանագետ Սամուէլլ Կարապետեանը դիմած են Միջազգային իրաւունքի եվրոպական դատարան: Հայ ժողովուրդն ունակ է նորէն ստեղծելու նիւթական եւ հոգեւոր արժէքներ, քանի որ ատոնց կրողն ու օգտագործողն է: Կեղծարարները չեն կ;ըրնա իւրացնիլ բնիկ ժողովրդի արժէհամակարգը, քանի որ դա անոնց համար խորթ է ու անհասկանալի: Բնիկը մշտապէս կապի մէջ է իւր հոգեւոր ու նիւթական աշխարհինյետ եւ ատոր մէջ է բնիկին ուժն ու իրաւունքը: