Աշոտ Հմայակի Ղուլեան (Օսկոլկա-Բեկոր)- ծնուեր է Բաքուին մէջ, 1959 թուականի հոկտեմբեր 6-ին: 1975 թուականին Ղուլեաններու ընտանիքը կը տեղափոխուի Ստեփանակերտ, որտեղ եւ կ’աւարտէ 8-րդ դասարանը, իսկ 1985-86 ուս. տարուն թիւ 1 միջնակարգ (երեկոյեան) դպրոցը: 1977-79 թթ. ծառայեր է խորհրդային բանակին շարքերուն մէջ: 1985 թուականին կ’ամուսնանայ : Կ’ունենայ 3 որդի՝ Արթուր, Հմայակ, Բեկոր:

1991թ., երբ սկսաւ Արցախի կանոնաւոր բանակին առաջին զօրամասերեու կազմաւորումը, անոր առաջարկուեց գլխաւորիլ առաջին գումարտակը, որուն կորիզը հէնց իւր ջոկատն էր: Աշոտը մասնակցեր է Արցախ մղուած մարտերոոու մեծ մասին՝ Ասկէրան, Հադրութ, Շահումեան, Վէրին շէն, Բուզլուխ, Մանաշիդ, Մալիբեկլու, Խոջալու, Կրկժան, Լեսնոյ, Քարին տակ, Շուշի, Բերձոր, Մարտակերտ, Կուսապատ, Մաղավուզ, Սրխավենդ, Օրթա-Գյունեփայա, Դրմբոն։

Ղուլեանն օժտուած անձնաւորութիւն էր՝ բնածին զինւորական, առաջամարտիկ, նախաձեռնող, համարձակ, վճռական, խիզախ ու հնարամիտ:

Անոր հրամանատարական տաղանդը փայլեց յատկապէս 1992թ. Շուշիի ռազմագործողութեան իրականաումին ժամանակ. առաջին գումարտակը Բեկորի գլխաւորութեամբ առաջինն կը մըտնէ հայկական գերեալ քաղաքը եւ սկիզբ կը դնէ անոր ազատագրումին:

1992թ. հուլիս 27-ին Երեւանի Հանրապետական ​​հիւանդանոցին մէջ Արմենակ Աբրահամեանը հանդիպեց Աշոտ Ղուլեանին Մարտակերտի շրջանի մարտական ​​գործողութիւններէն վիրաւորւած ։

1992թ. օգոստոս 24-ի Դրմբոն գիւղի ազատագրումին համար մղուած մարտը վերջինը եղաւ… Աս անգամ գնդակը մահացու էր։ Հայրենիքին մատուցած ծառայութիւններու համար պարգեւատրուեր է (յետմահու) ‹‹Մարտական խաչ›› առաջին աստիճանի եւ ‹‹Ոսկէ արծիւ›› շքանշաններով, արժանացեր է ‹‹Արցախին հերոս›› կոչումին: