
Մայիս 23-ին, «Սոցիալական արդարութեան կեդրոն» հասարակական կազմակերպութիւնն Ախալքալաքին մէջ անցկացուց հանրային քննարկում «Ջաւախքի շրջանի գերիշխող հայացքներն ու ձայները ներքեւէն» թեմայով։ Հանդիպումն անցաւ Ախալքալաքի Մեծահասակներու կրթութեան կեդրոնին մէջ։
Հանդիպումին նպատակն էր քննադատօրէն անդրադառնալ նորագոյն պատմութեան մէջ Ջաւախքի յետ կապուած գերակշռող զրոյցներու ու քաղաքականութեանը, ինչպէս նաեւ քննարկել վերջին տարիներուն շրջանին սկսուած սոցիալական փոփոխութիւնները:
Հետազօտողներ Քէթևան Էփաձէն, Աննա Թիւաձէն, Ալիսա Բաքրաձէն Ջաւախք երկու հետազօտութիւն անցկացուցած են Ջաւախքի հայերու ինքնութեան վերաբերեալ:
«Տասնեակ հազարաւոր մարդիկ կորցուցեր են իւրաենց քաղաքացիութիւը եւ չեն կարող վերականգնիլ ան, ատոր համար անոնք պետք է համապատասխան քննութիւն հանձնեն, համապատասխան գումար ծախսեն։ Երկրորդ հարցը հողերու խնդիրն է, մենք իւրաքանչիւրս 25 հար հող ունինք»,- նշեց «Սոցիալական արդարութեան կեդրոն»-ի աշխատակից Տիգրան Թարզեանը։
Փորձագէտներէն Քեթի Էփաձէն, ով նաեւ ԹՊՀ-ի դասախոս է, նշեց, որ կեդրոնական իշխանութիւններու կողմէն կը գերակշռէ քաղաքացիութեան նկատմամբ չափազանց նեղ մոտեցումը, ինչը բավարար չէ հասարակութեան մէջ փոքրամասնութիւններու լիարժեք ներգրաուման նպատակին հասնելու համար։ «Երիտասարդութիւնը կը կարծէ, որ պետական լեզուի իմացութիւնը բավարար չէ քաղաքացիութեան ընկալումին համար։ Անոնք կը ցանկանան բարձրագոյն կրթութիւն ստանալու հնարաւորութիւն, վրաց լեզուն ուսումնասիրելու աւելի շատ ռեսուրսներ ունենալ, հաւասար միջավայրին մէջ ապրելու հնարաւորութիւն ունենալ։ Անոնց համար շատ տհաճ են այն կարծրատիպերը, որոնք գոյութիւն ունին Ջաւախքի հայերու նկատմամբ»,- մեկնաբանեց նա:
Ջաւախքի հայերու նկատմամբ գերակշռող կարծրատիպերու պատճառը, ըստ Քեթի Էփաձէի, Վրաստանին համար լարուած 1990-ական թուականներն են եւ տարածքային հակամարտութիւններու ֆոնին առաջացած էթնիկ ազգայնականութիւնը։
Արեւմտեան Հայաստանի կառաւարութիւնը բազմիցս անդրադարձ է կատարեր, որ Ջաւախքը կը մտնէ Արեւմտեան Հայաստանի պետական տարածքին մէջ:
Յիշեցնենք, որ ջաւախքցիները ոչ թէ ազգային փոքրամասնութիւն են Ջաւախքին մէջ, այլ բնիկ ժողովուրդ են եւ ունին բնիկներուն յատուկ բոլոր իրաւունքները՝ ատ թւին նաեւ քաղաքացիութիւն ստանալու իրաւունք՝ իբրեւ Ջաւախքին մէջ ծնուած բնիկներ:1990-ական թուականներուն Վրաստանին մէջ բուն դրած ազգայնականութիւնը չի կարող որոշիչ դեր խաղալ ջաւախքցիներու ճակատագիրին համար: Միջազգային բոլոր նորմերով անոնք իրաւունք ունին վերականգնելու իւրաենց իրաւունքները իրաւական հաւասար միջավայրին մէջ ապրելու համար: Արեւմտեան Հայաստանի կառաւարութիւնը պարտաստ է ջաւախքցիներու առաջին իսկ դիմում-բողոքին պարագային ստանձնիլ անոնց իրաւունքներու պաշտպանի դերը միջազգային ատեաններու մէջ: