
Մշակութային ժառանգութեան վայրերու միտումնաւոր ոչնչացումը պատերազմի ընթացքին եւ ատկէ յետ իրականացուող յանցագործութիւն է: Պատմութիւնը ցոյց կու տայ, որ այլոց պատկանող քաղաքակրթական արժէքներու նկատմամբ անհանդուրժողականութեան ցանկացած դրսեւորում՝ մշակութային կամ կրոնական ժառանգութեանը միտումնաւոր վնաս հասցնիլը կամ ոչնչացնելը դատապարտուելու հաստատուն վճռականութեամբ: Մշակութային ժառանգութեան վայրերու թիրախաւորումը յատկապէս պատերազմական իրավիճակին խստօրէն արգելուած է շարք մը միջազգային համաձայնագիրներուն մէջ։ (ՅՈՒՆԵՍԿՕ-ի զինուած հակամարտութիւններու ժամանակ մշակութային արժեքներու պաշտպանութեան մասին Հաագայի 1954 թուականի համաձայնագիր եւ ատոր կից 1954 եւ 1999 թուականներու արձանագրութիւնները, ՅՈՒՆԵՍԿՕ-ի 2003 թուականի «Մշակութային ժառանգութեան միտումնաւոր ոչնչացումին մասին» հռչակագիրը):
Սիրիայէն մինչեւ Աֆղանստան, Մալիից մինչեւ Եմէն մենք ականատես եղած ենք համամարդկային արժէք ներկայացնող մշակութային ժառանգութեան ոչնչացումին, որը բազմաթիւ դեպքերուն հնարաւոր չի եղեր վերականգնիլ:
Ցաւոք, հայկական կողմի այն պնդումները եւ ապացոյցները, որ Բաքուի իշխանութեան՝ մասնաւորապէս՝ Նախիջեւանի տարածքին մէջ ոչ պատերազմական իրավիճակին համակարգուած կերպով, տարիներ շարունակ կ’ոչընչացուեր հայկական պատմամշակութային ժառանգութիւնը, միջազգային հեղինակաւոր կազմակերպութիւններու կողմէն ադրբեջանական իշխանութիւններու աս քաղաքականութիւնը ատպէս ալ կոշտ արձագանքի եւ գնահատականի չարժանացաւ, իսկ ոչնչացուած յուշարձաններու թիւը կը կազմէր աւելի քան 89 միջնադարեան եկեղեցի, 5840 խաչքար եւ 22000 տապանաքար:
Յիշեցնենք, որ այս գործով միայն Արեւմեյան Հայաստանի նախագահ Արմենակ Աբրահամեանն է սկսած դատաւարութիւնն ընդդէմ Ադրբեջանի՝ Մարդու իրաւունքներու եվրոպական դատարանին մէջ ։