
«Արցախպրէս»-ը Սամուէլ Բաբաեանի յետ ամփոփեր է քաղաքական խորհրդակցութիւններու տասնօրեակը։
Ըստ Բաբաեանի՝ «Առաջին հանդիպումին ընթացքին քննարկուեր է պաշտպանութեան պետական կոմիտէ ստեղծելու առաջարկը։ Ըստ էութեան, միշտ դէմ եմ եղեր նման կառոյց ունենալուն, քանի որ այդպիսով կը զրոյացուին Արցախի քսանհինգամեա իրաւաքաղաքական ձեռքբերումները։ Սակայն, քանի որ կառաւարող ուժն արդեն համաձայներ էր Արցախի ողջ քաղաքական դաշտի՝ նման կառաւարման համակարգ ունենալու պահանջին, որոշած եմ ինքս ալ ընդառաջիլ։ Աս որոշման պատճառը բացառապէս Արցախի առջեւ ծառացած մարտահրաւերները յաղթայարելու համատեղ ելքեր գտնիլն է։ Երկրորդ հանդիպման ընթացքին Արայիկ Հարութիւնեանը քննարկեր է վստահութեան հանրաքուէ անցկացնելու տարբերակը՝ հարցնելով իմ տեսակետը։ Գնահատելով ատոր ներքին եւ արտաքին ռիսկերն ու հետեւանքները, միեւնոյն ժամանակ գիտակցելով ատ հարցին մէջ իմ աջակցութեան կարիքը, կրկին որոշեր եմ ընդառաջիլ՝ դուրս գալու ստեղծուած փակուղիէն։ Աս տարբերակը եւս չեղարկուեր է, տեղեակ չեմ՝ ներքին, թե արտաքին անհամաձայնութեամբ։
Երրորդ հանդիպումը, որու ընթացքին տրամաբանօրէն պետք է քննարկուեր վերջին տարբերակը՝ Նախագահի հրաժարականը, տեղի չի ունեցեր։ Մեր դիրքորոշումն անփոփոխ է։ Ես կը շարունակեմ հանդիպում-քննարկումներ ունենալ հանրութեան բոլոր շերտերու հետ, ներկայացնիլ ստեղծուած իրավիճակն ու ատկէ դուրս գալու իմ պատկերացումները։ Ժողովուրդը պետք է հաւատ ունենա, ընդունի մեր կողմէն առաջարկուող ծառայութիւը։ Առանց համաժողովրդական լայն աջակցութեան ոչ միայն անհնար է պատասխանատւութեան բեռ ստանձնիլ, այլեւ՝ անիմաստ։ Ես ամէն վայրկեան պետք է իմ թիկունքիս զգամ ժողովրդի շունչն ու կենսաուժ»։
Արեւմտեան Հայաստանի կառաւարութիւնը կ’ողջունէ Արցախի ժողովրդի ցանկացած կամարտայայտութիւն՝ տեր կանգնելու իւր կողմէն ընդունուած որոշումներուն: 1991 թուականէն առ այսօր Արցախը թեեւ մեծ կորուստներու գնով, բայց կարողացեր է պահպանիլ իւր կառաւարումին կառոյցները՝ որոնք ձեւաւորուեր են միջազգային նորմերուն համապատասխան ազատ եւ արդար ընտրութիւններու միջոցով:
Այսօր Արցախը, որն ըստ Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային ժողովի ընդունած օրենքի՝ կը յամարուի Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան նահանգ, եւ իրաւունք ունի կառավարումին մարմիններ ունենալու, կանգնած է ինքնավարութեան կորստի առջեւ։
Եթէ այսօր ժողովուրդը որոշի ունենալ ցանկացած ձեւաչափի կառոյց, որն ընդունակ կ’ըլլայ ճիշտ քաղաքական որոշումներ ընդունելու եւ կը դիմէ Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան կառաւարութեանն ու նախագահին միանալու եւ ատ կառոյցի ղեկավարներէն մէկ ըլլալու, մենք սիրով կը նդառաջինք եւ կը միանանք ատ աշխատանքներուն՝ ստանձնելով մեզի հասանելիք պարտականութիւններու կատարումը: