Միջազգային ճգնաժամային խումբը (International Crisis Group) նոր զեկոյց է ներկայացուցերլ Արցախին մէջ ստեղծուած նոր ճգնաժամային իրաւիճակի մասին՝ պայմանաւորուած Ադրբեջանի կողմէն Բերձորի ճանապարհին անցակետի տեղադրմամբ։

Զեկոյցին մէջ կը նշուի, որ Արցախին մէջ եւ անոր շուրջը բռնութիւններու աճող վտանգ կա: Ապրիլ 23-ին Բաքուն անցակետ է բացեր Բերձորի միջանցքին, որը միակ ճանապարհն է, ինչը կը կապէ Հայաստանը Արցախին:

Զեկոյցին մէջ, մասնաւորապէս, կ’ասուի. «Մայիսին Ադրբեջանի եւ հայկական ուժերու միջեւ տեղի ունեցած բախումներու յետեւանքով առնուազն երեք մարդ է զոհուեր: Բախումները տեղի են ունեցեր երկուսուկես տարի ան բանէն յետք, երբ վեցշաբաթեա արյունալի պատերազմը հայերուն դուրս մղեց Արցախի մի մասէն եւ հարակից շրջաններէն: Հայ բնակիչները փախեր են Հայաստան կամ Լեռնային Ղարաբաղի այն հատուածը, որտեղ ռուսական խաղաղապահ ուժերը տեղակայուեր էին պատերազմէն յետք՝ համաձայն Բաքուի, Երեւանի եւ Մոսկուայի կողմէն ստորագրուած եռակողմ հայտարարութեան։ Սկսած դեկտեմբերու կեսերէն, Բաքուի կողմէն աջակցուող ակտիւիստները շրջափակեր են Բերձորի միջանցքը՝ խաթարելով կանօնաւոր երթեւեկութիւնը՝ հանքարդիւնաբերական գործունեութւան դէմ բողոքելու պատրուակով: (Այնույետեւ, ադրբեջանցիներն իւրաենց մտահոգութիւններու ցանկին մէջ աւելացուցին աւելի շատ հարցեր, ինչպիսիք են միջանցքին վերահսկումը):

Մինչ Բաքուի կողմէն անցակետի տեղադրումը, զուգայեռ դիւանագիտական ​​ջանքերը հանգեցուցեր էին հարեւաններու միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիրի երկու նախագծի, որոնցմէ մէկը առաջարկուեր էր Ռուսաստանի կողմէն, իսկ միւսը մշակուեր էր Ադրբեջանի եւ Հայաստանի կողմէն Եվրոպական միութեան եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու հովանաւորութեամբ: Բաքուն չի ցանկանա Երեւանի հետ բանակցութիւններուն քննարկիլ Արցախի բնակիչներու կարգաւիճակը՝ ըսելով, որ անոնք կունենան նոյն անվտանգութեան երաշխիքները, ինչ Ադրբեջանի բոլոր քաղաքացիները։

2022 թուականի փետրւարէն ի վեր Ռուսաստանը չէր ցանկընա կամ չէր կրնար կանխիլ իւրեար յաջորդող էսկալացիաները (որոնք իսկապէս կը նպաստէին Ադրբեջանի ռազմական առաւելութեանը), շրջափակումը եւ այժմ Բաքուի կողմէն անցակետի ստեղծումը:

Ինչպիսի՞ն է եղեր միջազգային արձագանքը. Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները եւ Ֆրանսիան քննադատած են Բաքուին անցակետի տեղադրումինհամար։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները ըսեր է, որ անցակետը «կը խաթարէ խաղաղ գործընթացին մէջ  վստահութիւն հաստատելու ջանքերը»: Նման գիծ որդեգրեր է Ֆրանսիոյ Արտաքին  գործերու նախարարութիւնը՝ զգուշացնելով, որ անցակետը «կը վտանգուէ բանակցային գործընթացը»։ Փարիզը նաեւ կոչ է ըրած Բաքուին ձեռնարկիլ Հաագայի միջազգային դատարանի կողմէն փետրւար 22-ի որոշմամբ սահմանուած ժամանակաւոր միջոցները, որոնք կ’արձագանքին շրջափակմանը: 

Ամէրիկացի պաշտօնօաները Crisis Group-ին ըսած են, որ եթէ հարաբերութիւններն ալ աւելի վատընան, Վաշինգտօնը պատրաստ է աւելի կոշտ դիրքորոշում որդեգրիլ Բաքուի նկատմամբ, որ եթէ արիւնահեղութիւնը գերազանցէ մինչ օրս մարտերու հետեւանքով առաջացած մակարդակը,  Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները կարող է պատժամիջոցներ կիրառիլ եւ վիզային արգելքներ:

Բրյուսելում Եվրոպական միութեան արտաքին գործերու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան հարցերով բարձր ներկայացուցիչ Ժոզէպ Բորելը Ադրբեջանի գործողութիւնները որակեր է որպէս «լարուածութիւնը նուազեցնելու Եվրոպական միութեան կոչին հակասող»։ 

Յօդուածն ամբողջութեամբ կըրնաք  կարդալ հղումով՝

https://news.am/arm/news/761978.html

Leave a Reply