
Արցախի տարածքին մէջ տեղի ունեցած վերջին իրադարձութիւններու կապակցութեամբ Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը կը յիշեցնէ, որ Արցախը 1920 թուականին ճանաչվուած Հայաստան պետութեան անբաժանելի մասն է, որու շարունակականութիւնն Արեւմտեան Հայաստանն է:
Հետեւաբար միջազգայնօրէն ճանաչուած կարգավիճակին հիման վրայ Արեւմտեան Հայաստան պետութիւնն է , որ ունի ցանկացած հարցի վերաբերեալ որոշումներ կայացնելու իրաւական լեգիտիմութիւն։
Յարկ է նշիլ նաեւ, որ պատերազմներն ու ցեղասպանութեան ծրագրերը, ինչպէս նաեւ պայմանագիրներ եւ բանաձեւեր (Ալէքսանդրապօլի 1920թ. Դեկտեմբեր 2-ի պայմանագիր, 1921թ. Մարտ 16-ի Մոսկվայի պայմանագիր, 1921թ. Հոկտեմբեր 20-ի Կարսի պայմանագիր, 1921թ. Հոկտեմբեր 20-ի Անգորայի պայմանագիր կամ համաձայնագիր, 1923թ. Յուլիս 24-ի Լօզանի պայմանագիր, Հայկական հարցի վերաբերեալ Եվրոպական խորհրդարանի 1987թ. Յունիսի 18-ի..), շարունակաբար աւելի քան 100 տարի իրականացուեր են ընդդեմ հայ ժողովրդի, որոնք նպատակ ունէին` փորձիլ չեղեալ յայտարարիլ Սեւրի դաշնագիրը։
Ադրբեջանի եւ (Արեւելեան) Հայաստանի Հանրապետութեան միջեւ ասպէս կոչուած խաղաղութեան նոր պայմանագիրի ստորագրումին յեռանկարը նոյնպէս հայ ժողովրդի արդէն միջազգայնօրէն ունեցած իրաւունքներու ոչնչացումին աս ծրագիրի մի մասն է:
Ատ նպատակ ունէ նաեւ օրինականացնիլ Խորհրդային Միութեան տարիներուն առանց միջազգային իրաւական հիմքի հաստատուած սահմանները (Ալմա-Աթայի հռչակագիր), պաշտօնապէս հաստատիլ Ադրբեջանի, ինչպէս նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան (Արեւելեան) ինքնիշխանութիւնը եւ օրինականացնիլ Ստալինի եւ Մուստաֆա Քեմալի կատարած բաժանումը:
Սակայն միակ հաշտութեան պայմանագիրը, որը կը վերաբերուի հայ ժողովրդին, արդէն գոյութիւն ունեցող Սեւրի միջազգային հաշտութեան դաշնագիրն է, որն իւր կիրառումը գտնելու է, մասնաւորապէս, Վուդրո Վիլսօնի Հայաստանի արեւելեան սահմանի որոշումին վերաբերեալ իրաւարար վճիռի կիրառման ՝ համաձայն նշուած պայմանագիրի 92-րդ յօդաուածի ։
Յարկ է յիշեցնել, որ Հայաստանի Հանրապետութեան (Արեւելեան) կառաւարութիւնը իրաւական լեգիտիմութիւն չունի Արցախի բնիկ հայ ժողովրդի ապագային վերաբերեալ որոշում կայացնելու համար:
Ատ պատճառաւ Արցախի կարգավիճակին մասին վերջին յայտարարութիւնները, որոնք կը հնչեն (Արեւելեան) Հայաստանի Հանրապետութենէ, անուաուեր կը համարուի Արևեւմտեան Հայաստանի կողմէն:
Արցախի տարածքի բռնազաւթումը եւ անոր բնիկ բնակչութեան ցեղասպանութիւնը սոսկ յետեւանք են Արեւմտեան Հայաստանին մէջ ապրող հայերու իրաւունքներու մոռացութեան, անտարբերութեան, նենգափոխումին և ժխտումին, որոնք տառապիլ եւ կը շարունակին տառապիլ բռնազաիթումին եւ ցեղասպանութեան յետեւանքներէն:
Շարունակելով Նորին Գերազանցութիւն Պողօս Նուբարի կատարած աշխատանքը, Արեւմտեան Հայաստանը երեկ եւ այսօր կը շարունակէ աշխատիլ հայ ազգի հիմնարար շահերուն համապատասխան եւ արժանապատուօրէն ներկայացնիլ իւր ժողովրդին, անոր զգալի մասի կողմէն ատ թուին Արցախի բնակչութեան, մասնաւորապէս՝ Շուշիի հայ բնակչութեան կողմէն զինքն արդէն իսկ վերապահուած մանդատի շրջանակներում ։
Արեւմտեան Հայաստանը կը շարունակէ պաշտպանիլ հայ ժողովրդի իրաւունքները միջազգային համաժողովներու ժամանակ, ինչպէս ատ ըրեր է աւելի քան 17 տարի, եւ կը շարունակէ իւր աշխատանքը ազգայինի վերականգնման ուղղութեամբ:
Արեւմտեան Հայաստանի կառաւարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ Ադրբեջանի դէմ դատաւարութիւնները կապուած 2020 թուականի ագրեսիւ պատերազմի հետեւանքներու յետ կը շարունակուին եւ ժողովրդին կը տեղեկացնէ ատոր յետ կապուած յետագա զարգացումներու մասին:
Հայ ազգի արժանապատւութեան պաշտպանութեանն ուղղուած աշխատանքը չի կարող կատարուել առանց Արեւմտեան Հայաստանի, որու իրաւունքները չափազանց երկարատեւ եւ անարդարացիօրէն ոտնահարուեր են, եւ ան չի նահանջի իւր ազգի բնիկութեան սկզբունքէն եւ անոր հիմնական իրաւունքներէն ՝ համաձայն Միաւորուած ազգերու կազմակերպութեան բնիկ ժողովուրդներու իրաւունքներու մասին հռչակագիրի:
Լիդիա Մարկօսեան
Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան կառաւարութեան մամուլի քարտուղար
Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործերու նախարար:
Մայիս 24, 2023թ.