Մայիս 26-ին, ի թիուս Հանրապետութեան միւս կրթօջախներու, ուսումնական տարուա, իսկ շրջանավարտներու համար նաեւ դպրոցական կեանքի աւարտն ազդարարող Վերջին զանգը հնչեր է  Ստեփանակերտի Վ. Ջհանգիրեանի անուան համար 11 աւագ դպրոցին մէջ:

 «12-ամեա մարաթոնը աւարտուեց, եկաւ սպասուած ամենայիշարժան տոնը, որը լեցուն է՝ ջերմութեան ու երախտագիտութեան խոսքերով, բարեմաղթանքներով ու անմոռանալի պահերով: Դպրոցին վերջին զանգը, հասուն տարիքի առաջին զանգն է, որն կ’ազդարարէ առաւել պատասխանատու փուլին մեկնարկը: Ինչպիսինը կ‘ըլլա ան՝ մեծապէս կախուած է ձեզմէ»,-ըսեր է դպրոցի տնօրեն Ա. Գրիգորեանը:

Շրջանաւարտ Նանէ Սարգսեանի խօսքով՝ դպրոցական կեանքի վերջին քանի մը տարիներն անցան արտասովոր պայմաններով ու փորձութիւններով՝ համաճարակ, պատերազմ, շրջափակում: Աս երեք տարիները լի էին փորձութիւններով։ Դասապրոցեսը սկսաւ ոչ սովորականի պէս եւ այդպիսով ալ սկսան մեր արտակարգ ուսումնական տարիները:  «Բայց մենք մեր մեջ ուժ գտանք եւ բնականոն կերպով շարունակեցինք մեր ուսումը»,- կ’ըսէ շրջանաւարտը՝ հաւելելով, որ իւր ապագան կը տեսնէ Արցախին մէջ եւ սովրելու, ապրելու, արարելու է այստեղ:                                                       

Արեւմտեան Հայաստանի կառաւարութիւնը կ’ողջունէ իւր սիրելի զաւակներուն՝ Վերջին զանգի կապակցութեամբ, կը մաղթէ խաղաղ երկինք եւ երջանիկ ապագա Արցախ աշխարհին մէջ : Մենք համոզուած են, որ դուք ըլլալով քաջարի արցախցիներու ժառանգները չէք ընկրկի դժվարութեան մը առաջ եւ շարունակելով ձեր պապերու, հայրերու ու եղբայրներու գործն  ու տեր կանգնելով բնիկութեան ձեր իրաւունքներուն՝ հաղթական աւարտին կը տանիք մեր բոլորիս Սրբութեան Սրբոց Հայրենիքի վերջնական ազատագրումին հարցը: Մէկ անգամ եւս կ’ողջունենք ձեզի եւ կը մաղթենք նորանոր յաղթանակներ: Ի գործ, սիրելինե՛րս:

Տարագիր հայութեան տարբեր կրթօջախներու մէջ այսօր նշուեց դպրոցական վերջին զանգը։ Արեւմտեան Հայաստանի բազմաթիւ զաւակներ՝ արդէն շրջանաւարտի կարգավիճակին մէջ թողնելով դպրոցը սկսելու են կեանքի  նոր փուլ մը՝ լեցուն բազում փորձութիւններով։ Թող ամէն մի հայ երիտասարդ իւր պարտքը համարէ շարունակիլ պայքարը հայենիքը ազատագրելու, ան պահպանելու, շենացնելու եւ զարգացնելու համար։ Խելացի հասարակութիւնը հէնց ան զէնքն է, որը պիտի պայքարէ հանուն ժողովրդաւարութեան եւ արդարութեան։

Leave a Reply