
Գերմանիոյ հայերու Կեդրօնական Խորհուրդը զորակցութիւն կը յայտնէ Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի հայտարարութեանը՝ համարելով, որ Արցախի Հանրապետութիւնը չի կրնար ճանաչուել Ադրբեջանի մաս որեւէ կառոյցի կողմէն, յատկապէս՝ Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութեան ։ Արցախի կարգավիճակն արդեն իսկ որոշուեր է 1991 թ. դեկտեմբեր 10-ի համաժողովրդական կամարտայայտութեամբ, որը բխեր է Միաւորուած ազգերու կազմակերպութեան «ժողովուրդներու եւ ազգերու ինքնորոշումին մասին» բանաձեւէն եւ որեւէ իշխանութիւն իրաւասու չէ ան վիճարկիլ։ Նիկոլ Փաշինեանը, փաստորէն, իւր ատ հանձնառութեամբ նաեւ կը խախտէ Հայաստանի Հանրապետութեան Անկախութեան հռչակագիրի եւ Սահմանադրութեան ամրագրումներն Արցախին մասին, քանզի Հայաստանի Հանրապետութեան Գերագոյն խորհրդի 1992 թուականու յուլիս 8-ի որոշումին համաձայն «Հայաստանի Հանրապետութեան համար անընդունելի համարիլ միջազգային կամ ներպետական ցանկացած փաստաթուղթ, որտեղ Արցախի Հանրապետութիւնը նշուած կ՚՚՚ըլլա Ադրբեջանի կազմին մէջ»։
Կոչ կ՚ընենք համայն հայութեանը համախմբուիլ Արցախի Ինքնորոշումին իրաւունքի եւ ՀայաստանիՀանրապետութեան տարածքներու պաշտպանութեան շուրջ եւ թոյլ չտալ Հայաստանի Հանրապետութեան օրուա իշխանութիւններու կողմէն Արցախի Հանրապետութիւնը եւ Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածքները Ադրբեջանին զիջելուն, համայն հայութեան համախմբումին շնորհիւ է միայն հնարաւոր յաղթական ելքը աս դժուարին իրավիճակէն, այլապէս աղետալի յետեւանքները հայկական պետականութեան համար անխուսափելի կ՚ըլլան:
Գերմանիոյ կեդրօնական խորհուրդի վարչութիւն