
Ադրբեջանը ինչպէս Արցախեան պատերազմի ժամանակ՝ առատօրէն ֆոսֆոր պարունակող զէնքի կիրառմամբ, անտառներու անխնա հրդեհմամբ, անպէս ալ պատերազմէն յետք կը շարունակէ էկոցիդի իւր քաղաքականութիւնը:
Արցախի Արտաքին գործերու նախարարութիւնը դեռ պատերազմի օրերուն արձանագրեց, որ ֆոսֆորային զէնքի օգտագործումը կը հանդիանայ միջազգային մարդասիրական իրաւունքի, սովորութային իրաւունքի նորմերու ու սկզբունքներու, Ժնեւեանհամաձայնագիրներու, ինչպէս նաեւ Միաւորուած ազգերու կազմակերպութեան համապատասխան համաձայնագիրներով ու փաստաթուղթերով նախատեսուած դրոյթներու կօպտագոյն խախտում։ Անգամ տարբեր իրաւապաշտպան կազմակերպութիւններ փաստերու հիման վրայ կըդգծէին, որ Ադրբեջանն Արցախին մէջ արգելուած զէնքեր է կիրառեր։
Բայց Ադրբեջանի աս յանցագործութիւնները համապատասխան միջազգային արձագանքի չարժանացան, եւ կոնկրետ միջոցներ չձեռնարկուեցան։
Այսօր լուրջ բնապահպանական խնդիրներու առաջ է կանգնած Արցախի միակ խոշոր ջրամբարը՝ իւր ու շրջակա միջավայրի կենսաբազմազանութեամբ: Աս հանգամանքը նաեւ ազդեր է գիւղատնտեսութեան ու ջրի պաշարներու վրայ։ Ժամանակի ընթացքին ջրամբարի ջրի մակարդակը աւելի կը նուազէ՝ մօտնալով կրիտիկական կետին։ Պարզ է՝ Ադրբեջանը ասանկ յանցագործ քայլերու միջոցով կը փորձէ էկոլոգիական աղետ առաջացնիլ, ապա յետք ատոր մէջ մեղադրիլ Արցախին։ Ու բոլորովին պատահական չէ, որ պարբերաբար նաեւ տեղեկութիւններ կը շրջանառուին, որ Ադրբեջանը կըրնա փոխիլ Թարթառ գետի հունը, որու արդյունքին Սարսանգի ջրամբարն ընդհանրապէս կը ջրազրկուի։
Արեւմտեան Հայաստանի կառաւարութիւնը կը յիշեցնէ , որ արգելուած քիմիական զէնքերու օգտագործումը Բաքուի իշխանութիւններու կողմէն սովորական երևոյթ է: Դեռեւս 2016 թուականու քառօրեա պատերազմի ժամանակ մենք ունեցանք արգելուած ֆոսֆորային զէնքի օգտագործումէն մահացու այրուածքներով զոհեր: Ատ փաստը դատապարտուեցաւ նաւ միջազգային ատեաններու կողմէն, բայց Բաքուի իշխանութիւններն արհամարելով բոլոր միջազգային նորմերը, կը շարունակեն իւրաենց ցեղասպան քաղաքականութիւնը՝ ցեղասպանելով ոչ միայն Արցախի խաղաղ բնակչութեանը, այլ նաեւ բնութիւնը: Արեւմտեան Հայաստանի կառաւարութիւնը խստօրէն կը դատապարտէ Բաքուի իշխանութիւններու նման քաղաքականութիւն եւ կը պահանջէ միջազգային ատեաններէն :