
Թալեաթի հրամանով՝ «ամէն կերպ ջանալ ոչնչացնիլ բուն «Հայաստան» անուանումը Արեւմտեան Հայաստանին մէջ», ջարդարարները քանդեցին, հողին հաւասարեցուցին ու մոխիր դարձուցին Արեւմտեան Հայաստանի եւ Օսմանեան կայսրութեան հայաբնակ վայրերու գրեթէ բոլոր եկեղեցիներն ու վանքերը։
Ինչպէս կը գրէ Արեւմտեան Հայաստանի հայ պատմաբան եւ բանասէր Գեւորգ Մեսրոպը. «Նոյնիսկ մենք, հայերս, չենք գիտեր, թէ ի՞նչ էր… մեր վանքերուն, մեր եկեղեցիներուն իսկական թիւը… տեսակն ու քանակը, որակն ու արժէքը», բայց, բարեբախտաբար, ատոնց գոնէ մոտաւոր թուաքանակի մասին պատկերացումկու տան Առաջին աշխարհամարտին եւ թուրքերու կողմէն Հայերու դեմ իրականացուած ցեղասպանութեանը նախորդած տարիներուն հայկական վանքերու ու եկեղեցիներու՝ տարբեր առիթներով կազմուած ցուցակները եւ վիճակագրական տուեալները։ Վկայութիւններու համաձայն՝ հայ լուսաւորչական վանքերէն ու եկեղեցիներէն հիմնայատակ աւերուեր եւ թալանուեր են 1727-ը։ Այլ տուեալներով Արեւմտեան Հայաստանին մէջ եւ օսմանեան Թուրքիոյ ամբողջ տարածքին մէջ ատ տարիներուն կործանուեր եւ կողոպտուեր են աւելի քան 2000 հայկական վանքեր, եկեղեցիներ ու մատուռներ: Հայերու դէմ իրականացուած ցեղասպանութեան զոհերը դարձան նաեւ ատ վանքերուն ու եկեղեցիներուն պատկանող, ինչպ՝ս նաեւ Արեւմտեան Հայաստանի հայերէն շատերու անձնական սեփականութիւնը հանդիսացող, անոնց ընտանիքներու մէջ սրբութեամբ պահուած ու սերնդեսերունդ ժառանգաբար փոխանցուած մեր միջնադարեան ձեռագիր մատեանները, ատ թուին՝ մանրանկարներով զարդարուած գրչագիրերը, որոնց համար բանիմաց մարդիկ պատրաստ էին իւրաենց ունեցուածքը տալու։