Արթուր Ասլանի Մկրտչեանը ծնուեր է  1959 թ․  Հադրութի շրջան։ 1976 թուականուն աւարտեր է հայրենի գիւղի միջնակարգ դպրոցը եւ նոյն թուականին ընդունուեր է Երեւանի պետական համալսարանի պատմութեան ֆակուլտետ։ Աստեղ Արթուր Մկրտչեանը նեղ մասնագիտութիւն է ընտրեր, իւր ժամանակին «քաղաքական պահանջարկ» չվայելող ազգագրութիւնը։ Ընտրութեան ժամանակ որոշակի դեր է խաղացեր հեղինակաւոր ազգագրագէտ Իւրի Մկրտումեանը։ Մասնագիտութեան ընտրութենէ սկսած՝ մինչեւ Հադրութի Պատմագիտական թանգարանին մէջ աշխատանքի անցնիլը, Արթուր Մկրտչեանն ինչպէս անհատական նախաձեռնուեյամբ, այնպէս ալ ճանաչուած մասնագետներու կողմէն կազմակերպուած նպատակային գիտական արշաւներու կազմին մէջ, հարուստ ժողովրդագիտական – ազգագրական նիւթ է հավաքեր Խորհրդային Հայաստանի եւ Արցախի շարք մը  բնակավայրերու մէջ։ Համլետ Պողօսեանի յետ կը մեկնէ Խաչէն, շրջագայէ ու նիւթեր կը հաւաքէ Արցախի տասնութ գիւղերէն։ Ատ գիտական նպատակներով ձեռնարկուած անոր առաջին ուղեւորութիււնն էր հայրենիք։ Այնույետեւ, Արցախի նիւթական մշակոյթը մշտապէս կը մնար անոր ուշադրութեան կեդրօնը։ 

Իսկ յետագա տարիներուն Արթուր Մկրտչեանը ժողովրդագիտական նիւթեր կը յաւաքէ նաեւ Հայաստանի շարք մւ շրջաններու մէջ՝ Թումանեանի, Արթիկի, Արտաշատի, Դուինի, Աշտարակի, Էջմիածնի, Մեղրիի, Կապանի, Գորիսի, Կարմիրի բնակավայրերէն ու գյուղերէն։ Անոր վրայ խոր տպաւորութիւն կը թողուն Հայաստանի պատմամշակութայինյուշարձանները, աւեր եւ կանգուն եկեղեցիները՝ Խոր Վիրապը, Գառնին, Գեղարդը եւ այլն ։

11988 թուականուն ծաւալուած Արցախեան շարժումը կլանեց Արթուր Մկրտչեանին ամբողջոուին, ու ան յայտնուեցաւ Հադրութի շրջանին մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններու կեդրօնը ոչ միայն որպէս առաջնորդ, կազմակերպիչ-ղեկաւար ու հրամանատար, այլեւ անմիջական մասնակից, զինւոր։ Նշենք, որ Արթուր Մկրտչեանը 1988 թուականու յունւարուն  Արցախէն  Մոսկուա մեկնած երկրորդ պատւիրակութեան կազմում էր։

Արցախեան Շարժումն սկսուելէն յետք Արթուր Մկրտչեանը դարձաւ անոր ակտիւ մասնակիցը՝ 9 հոգու թուին  ստորագրելով առաջին նամակը Գորբաչովին։ 1988 թուականու փետրվար 12-ի Հադրութի հանրահաւաքէն, Արթուր Մկրտչեանի ուղին եղեր է սրընթաց։ Նա անդամագրուեցաւ ՀՅԴ-ին։

րթուր Մկրտչեանի պաշտօնաւարութեան շրջանին  ազատագրուեցան Ստեփանակերտը օղակող Մալիբէյլին ու Կրկժանը, Խոջալու աւանը, ինչպէս նաեւ Հադրութի  շարք մը գիւղեր։ Նա չհասուց տեսնիլ Շուշիին ազատագրումը, թեեւ ռազմական գործողությիւններու ծրագիրի մշակման գործուն մասնակիցն էր։ Արթուր Մկրտչեանի գիտական նախասիրութիւններու իրագործումին ժամանակաշրջանը համընկաւ Ղարաբաղեան ազատագրական պայքարի բուռն վերելքի յետ եւ տոհմիկ, ավանդապահ ընտանիքին մէջ մեծացած, հիմնաւոր հայկական կրթութիւն ստացած, ազգային գաղափարներով սնուած երիտասարդը նետուեցաւ ատ պայքարին հորձանուտը։ «Աս հողն է ինծի ծներ, աս հողին եմ պարտական իմ ունեցածիս համար։ Յիմա եկեր է փոխհատուցման պահը»,- կըսեր Արթուր Մկրտչեանը։

Լեռնային Ղարաբաղի Գերագոյն խորհրդի անդրանիկ նիստին նախագահ ընտրուեցաւ Արթուր Մկրտչեանը, 48 պատգամաւորներէն 44-ը քուեարկեցանանոր օգտին։ Իւր պաշտօնաւարութեան երեքուկես ամիսներու ընթացքին Արթուր Մկրտչեանը ի յայտ բերաւ պետական գործչին վայել լրջութիւն, հերոս Արցախի ղեկաւարին բնորոշ արժանապատիւ կեցվածք, երիտասարդ հանրապետութեան առջեւ ծառացած խնդիրներն արագ ու ժամանակին լուծելու կարողութիւն՝ մշտապէս ուշադրութեան կեդրօնին  պահելով երկրի պաշտպանունակութիւնն ամրապնդելու խնդիրը։ Նա դրաւ  ան հիմնաքարը, որու վրայ բարձրացաւ Արցախը։

1992 թուականու յունվար 11-ին անց են կացուեչ լրացուցիչ ընտրութիւններ։ Հաշուի առնելով, որ ոչ բոլոր ընտրատարածքներում են ընտրուեր պատգամաւորներ՝ Լեռնայիբն Ղարաբաղի Հանրապետութեան Կեդրօնական ընտրական հանձնաժողովը տարբեր ժամկետներուն՝ ընդհուպ մինչեւ 1994 թուականու յուլիս 3-ը, անց է կացոըւցէր նոր ընտրութիւններ։ Վերջնական արդյունքին կազմաւորուեր է 75 երեսթփոխաներէն բաղկացած խորհրդարան։

Արթուր Մկրտչեանի կեանքի թելը կտրուեց 1992 թ. ապրիլ 14-ին անբացատրելի հանգամանքներուն։