Ըստ ՅՈՒՆԵՍԿՕ-ի 1974թ. տուեալներու` 1923-էն ետք Արեւմտեան Հայաստանին մէջ կանգուն մնացած հայկական 913 պատմական-ճարտարապետական յուշարձաններէն 464-ն ամբողջովին անյետացեր են, 252-ն ավերակ են, իսկ 197-ն ամբողջովին նորոգման կարիք ունին:

Հայկական ճարտարապետական շինութիւնները յետեւողականօրէն պայթեցուերեն՝ որպէս թիրախ օգտագործվելով թուրքական բանակի զինաւարժութիւններու ժամանակ, իսկ քարերն օգտագործուեր են որպէս շինանիւթ: Որոշ գիւղական վայրերու մէջ ատոնք կը ծառային որպէս գոմ, պահէստ, բանտ: Շատ պարագաներուն հայկական եկեղեցիները վերածուեր են մզկիթներու:

1987 թ. յունիս 18-ին Եվրոպական խորհրդարանի կողմէն ընդունուած բանաձեւի 6-րդ կետին մէջ նշուած է, որ թուրքական կառավարութիւնը ուշադրութիւն դարձնելու է Արեւմտեան Հայաստանին մէջ ապրող հայերու լեզուին, մշակոյթին, կրթական համակարգին` միաժամանակ պատշաճ վերաբերմունք ցուցաբերելու զաւթուած Արեւմտեան Հայաստանի տարածքին մէջ գտնուող հայկական յուշարձաններու հանդէպ:

Հայկական մշակութային ժառանգութեան հետեւողական ոչնչացումը կամ ատորապօրինի յուրացումը` հայերու դեմ իրագործած ցեղասպանութեան թուրքական քաղաքականութեան շարունակութիւնն է: 

Ներկայացուած են նաեւ հայ միջնադարեան յուշարձաններ` ավերուած Հայերու ցեղասպանութե-արմենոցիդի տարիներուն եւյաջորդող ժամանակաշրջանին: