Գորգիսեաններու տոհմական բնօրրանը եղեր է Արեւմտեան Հայաստանի Բիթլիսի նահանգի Սղէրդ քաղաքը, որտեղ ծնուեր է Մօուսէսի պապը’ Սամի Չաուշը: 1915թ. Հայերու դէմ իրականացուցած ցեղասպանութեան-արմենոնցիդ օրերուն նա դարձաւ պայքարի մարտիկ. հայրէնի բնակավայրի ինքնապաշտպանութեան կազմակերպիչներէն էր, բազում վճռորոշ մարտերու, հետագայինմ’ Սարդարապատի ճակատամարտի մասնակից: Կը պատմին, որ թուրք եղեռնագործներու ձեռքէն մօտ հարիւր աղջիկ է ազատեր, որոնցմէ վերջինին’ Վերոնիկային, վիճակուած էր դառնալ անոր կինը’  Մօուսէսի տատը

Գաղթի ճանապարհները Մօուսէսի նախնիներուն տարեր են Եգիպտօս: Կահիրեին մէջ սրճարան մը կար’ «Ընկեր Սամուէլի սրճարանը», որը դարձեր էր հաիաքատեղի, ուր ամէն երեկո աշխատանքէն ետք կը հաւքուեին հայերը: 

Ցեղասպանութեան տարիներուն պատմական Կիլիկիայէն Մերձաւոր Արեւելք է տարագրուեր նաեւ Մօուսէսի մօր’ Աթթարեաններու տոհմը: Երկրորդ աշխարհամարտէն ետք ‘ 1947թ.-ին հարիւր հազարաւոր հայրէնակարօտ հայերու հետ Մօուսէսի ծնօղները’ Գեւորգը ‘ Կահիրեէն եւ Ալիսը’ Հալէպէն, առաջին իսկ քարաւանով հայրէնադարձուեցան:

Սակայն խորհրդային իշխանութիւններու որոշումով անոնք դասուեցան հասարակութեան համար անցանկալի տարրերու շարքին եւ բռնագաղթուեցան Ալթայի երկրամաս: Անտեղ ալ հանդիպեցան Մօուսէսի ծնօղները, ամուսնացան, ունեցան զաւակներ’ Սամուէլը եւ Արաքսը: Ստալինի մահէն ետք Գորգիսեաններու ընտանիքին թոյլատրուեցաւ վերադառնալ հայրէնիք, հաստատուիլ Երևանին մէջ, որտեղ ալ 1961թ. դեկտեմբերու 3-ին ծնուեց ընտանիքին կրտսերը’ Մօուսէսը: Մօուսէսի երեք տարեկան էր, երբ աքսորավային մէջ ձեռք բերած բազմաթիւ յիվանդութիւններէն մահացաւ հայրը: 

1988-ի փետրւարուն  սումգայիթեան ոճրագործութիւնը ապացուցեց, որ անհրաժեշտ է ոչ թէ հոյսը դնիլ խորհրդային բանակի վրայ, այլ ունենալ սեփական զինւորական կազմաւորումներ: Պետք էր զինուել եւ պատրաստ ըլլալ հարեւան պետութիւններու ոտնձգութիւներէն պաշտպանւելու:

«Ինքնապաշտպանութիւնը ազգի սրբազան իրաւունքն է»,-կըսեր Մօուսէս: Նա կը գտնէր, որ նախեւառաջ անհրաժեշտ է հայ տղամարդկանց հաւաքագրիլ, վարժեցնել զենքին, զորաւարժութիւններ կազմակերպիլ, այդուհետ ամրագրիլ Հայոց Ազգային բանակի սկզբնաւորումը: Բայց դեպքերն անպես արագ ընթացան, որ բանակումի ժամանակ չկար, սահմաններու վրայ կրակոցներ սկսուեցան ու անհրաժեշտութիւն եղաւ ստեղծիլ կամաւորական ջոկատներ:

Մօուսէս դարձաւ «Հայոց ազգային բանակ» եւ «Անկախութեան բանակ» ջոկատներու հիմնադիրը: Հուշեց գաղափարն ու օգնեց գաղափարական ու կազմակերպչական, ինչպէս նաեւ սպառազինութեան եւ հանդերձանք հայթայթելու հարցերու մէջ: Անզէն հայութեանը նախ զինեցան ոգով եւ ոտք նաեւ զէնքով: 1990թ. յունվար 18-ին լուր ստացուեց, որ իրավիճակը կտրուկ սրուեր է Արարատի շրջանի Նախիջեւանի սահմանամերձ գոտու վրայ: Ադրբեջանական զինեալները շրջակա բարձունքէն անընդմեջ կը գնդակօծեին հայկական բնակավայրերը: Խաղաղ բնակչութեան մէջ կային զոհեր ու վիրաւորներ: Օրըստօրե ահագնացող սպառնալիքը չեզոքացնելու համար ինքնապաշտպանական ջոկատները կ’արճապարեին դէպի Երասխաւան: 

Մօուսէս ատ օրը յիվանդ էր’ ջերմութիւն ուներ: Գործերը շատ էին, սակայն ոչ կազդուրուելոււ, ոչ սնուելու, ոչ ալ քնանալու ժամանակ չկար. Երասխաւանի կռիւը «Անկախութեան բանակի» առաջին մարտն էր, այն ալ’ խորհրդային բանակին դէմ: Պարտքը կանչեց, եւ Մօուսէս, որ հազար ասելիք ու անելիք ուներ իւր ժողովրդին, յավերժ 28- ամեա գաղափարական մարտիկը, զէնք վերցուց, որ սերունդներուն սրբագործուած հանձներ իւր պատգամը: Մեկնեցաւ ի մարտ, ի յաղթութիւն…

Գիտակցելով, թէ  հայ-ադրբեջական սադրանքներու թիկունքին ովքեր են կանգնած եւ ինչ նպատակ կը յետապնդին, 1990թ.-ի յունվար 19-ին Երասխաւանի բլրի վրայ լսուեցաւ Մօուսէսի վերջին խօսքը. «Չե՞ք տեսնի, սա խաղ է’ թատրօն»: Դեմքով դէպի բարձր սարը, ուր տեղակայուած էր թշնամին, որուն կ’աջակցեին  խորհրդային ստորաբաժանումները, նա կը քալեր զայրացած ու ձեռքերով ինչ-որ բաներ կըսեր: Ավարտուեր էր սադրանքը եւ ետ վերադառնալ էր պետք: Վերադարձի ճանապարհին դաւադիր գնդակը գտաւ անոր:

Հայրենիքի պաշտպանութեան համար զոհուած հերոսը հուղարկաւորուեցաւ Ծիծեռնակաբերդի բարձունքին վրայ’ Մեծ եղեռնի զոհերու յիշատակը հաւերժացնող յուշահամալիրի անմար կրակի հարեւանութեամբ: Մօուսէս Գորգիսեանը հայ ժողովրդին առաջնորդեց դէպի ազատ, անկախ Հայաստան’ միացեալ Հայաստանի երազանքը ժառանգելով եկող սերունդներուն: 

Աննկուն կամքի ու բարոյական սկզբունքներու շնորհիւ Գորգիսեան դարձաւ առաջնորդ: Աստուած, Ազգ, Հայրենիք’ ահա Մօուսէսի  հավատամքը: Մարդ, ով իւր ապրած կարճ կեանքով կրթեց հազարաւոր մարդկանց եւ հայեցի ապրելու ու գործելու ուղենիշ դարձաւ սերունդներու համար: