Ինչպէ՞ս ճանչընալ  հայկական խաչքարը, ինչո՞ւ հայերը նուռ կը սիրեն  եւ ո՞վ կընա կարդալ խազերը։ 

Ահա, հային ու հայկականին խորհրդանշող  ՝ խորհրդանիշներու նոր շարք, որոնք Western Armenia tv-ի նոր շարքին մէջ  փորձինք բացայայտիլ ։ «‎Հայը եւ հայկական» շարքի առաջին խորհրդանիշները, որուն անրադարձեր ենք ՝ «Հաւերժութեան անիվը» եւ «Վեցաթեւ աստղն է », որոնք հայ ժողովուրդի ազգային ինքնութեան ամէնահին, նշանակալի խորհրդանիշներն են: «Արեւախաչ» («Արեւի խաչ») կոչուող «Հաւերժութեան անիվը» ամենատարածուած խորհրդանիշներէն մէկն է Հայաստանին մէջ  եւ  անոր  պատմական տարածքներու վրայ: Հաւերժութեան նշանը կը յայտնաբեուի  ամէնուր՝ ճարտարապետական կոթողներու վրայ, եկեղեցիներու պատերուն, խորաններուն եւ որմնանկարներու, մանրանկարներու, խաչքարերու, գօրգերու, զարդերու, հագուստի, կենցաղային իրերու եւ առարկաներու վրայ, պետական, հասարակական, մասնաւոր եւ կրօնական կառոյցներու խորհրդանշաններու մէջ։

Ան յաճախ կը հանդիպի Հայկական «Վեցաթեւ կամ աստղի» կեդրօնին մէջ: Այսօր, սակայն, շատերը յայտնի հայկական «վեցաթեւ կամ ութաթեւ աստղը» կը նոյնացնին հրեական «Դաւիթի աստղ»-ին հետ, քանի որ ան կը համարուի հրեական ինքնութեան եւ կրօնի խորհրդանիշ: Այնուհանդերձ, «Վեցաթեւ աստղը շատ աւելի հին պատմութիւն ունի: Անահիտի խորհրդանիշն է, եւ Հայ ժողովուրդը դէռ վաղէմի ժամանակներէն, իւր ողջ պատմութեան ընթացքին օգտագործեր է ան հին հայկական փորագրութիւններու մէջ: Միջնադարեան եկեղեցիներու եւ մատուռներու պատերը, գմբեթները, Խաչքարերը զարդարուած են նախշազարդ վեցաթեւ աստղով: