Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործերու նախարարութիւնը յայտարարութեամբ միջազգային հանրութեան ուշադրութիւնն է հրաւիրեր մայիս 28-ին Բաքուի իշխանութիւններու կողմէն հնչեցուած հերթական ռազմատէնչ յայտարարութիւններուն:

«Արմէնպրէս»-ի յաղորդմամբ՝ Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործերու նախարարութեան յայտարարութեան մէջ մասնաւորապէս նշուած է. «Ի յեճուկս Միաւորուած ազգերու կազմակերպութեան կանօնադրութեանը, 2022թ․ հոկտեմբեր 31-ին Սոչիի եռակողմ հայտարարութեամբ ստանձնած ուժի կամ ուժի սպառնալիքի կիրառումէն հրաժարուելու գրաւոր հանձնառութեանը, այլ հարթակներու վրայ բազմիցս ստանձնած նոյնպիսի բանաւոր պարտաւորութիւններուն, ինչպէս նաեւ երկկողմ հարաբերութիւններու կարգավորման շուրջ ընթացող բանակցութիւններուն՝ Բաքուի իշխանութիւնները Հայաստանի Հանրապետութեանը կրկին կը սպառնան ուժի կիրառմամբ, իսկ Արցախի բնակչութեանը՝ էթնիկ զտումներով: Նշեալի վկաիւթիւնն  այն է որ վերայսկելով Բերձորի ճանապարհը` Բաքուի իշխանութիւնները խափաներ են Արցախի ու Սիւնիքի միջեւ կապը: Աւելին, նոյն համատեքստին մէջ վերջինս անթաքոյց կերպով կը սպառնա էթնիկ զտումներ իրականացնիլ, եթէ Արցախի հայերը «դասեր չքաղին» Բերձորի ճանապարհի արգելափակումէն:  Ցաւոք սրտի, ինչպէս կերեւի  Բաքուի իշխանութիւններու ագրեսիւ հռետորաբանութենէ եւ գործողութիւններէն, անոնք խնդիրներու լուծումը կը տեսնին ոչ թէ Ալմա-Աթայի հռչակագիրով նախանշուած սահմաններով Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքային ամբողջականութեան ճանաչման եւ Արցախի բնակչութեան իրաւունքներու եւ անվտանգութեան հասցեագրումին, այլ սպառնալիքի եւ ռազմական ուժի գործադրումին ճանապարհով։

Նման զարգացումները կանխելու համար Հարաւային Կօւկասի խաղաղութեամբ եւ կաիււնութեամբ շահագրգիռ բոլոր գործընկերները պարտաւոր են հանդէս գալ միանշանակ եւ  անէրկբա գնահատականներով»: