Արցախի Հանրապետութեան մարդու իրաւունքներու պաշտպան Գէղամ Ստեփանեանի դիմատետրին գրառումը. Խիստ հիասթափեցնող է, որ Եվրոպական Միութիւնը՝ ի դէմս Եվրոպական խորհրդի նախագահ Շառլ Միշէի, Արցախի ժողովրդին կը դիմէ «նախկին Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզին մէջ բնակուող հայեր» եզրոյթով՝ անտեսելով ինքնորոշումին հիմնարար եւ անօտարելի իրաւունքի իրացումին վրայ հիմնված Արցախի պետականության տասնամյակների գոյության փաստը։ Նման ձեւակերպումները, որոնք դիտաւորեալ կ’արուին աշխարհին մէջ մարդու իրաւունքներու արժեքները պաշտպանող միութեան կողմէն, ոչ միայն կը վիրաւորին արցախցիներու զգացմունքները, այլեւ կործանարար ազդեցութիւն կ’ունենան  հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորումին գործընթացի վրայ՝ անտեսելով ատոր հիմնական շահառուի՝ Արցախի ժողովուրդի իրաւունքները։ Արցախի ժողովրդի կամքն ու շահերն անտեսիլը, Լեռնային Արցախ եզրոյթը օգտագործելէն դիտաւորեալ խուսափիլը միանշանակ չեն նպաստի Եվրոպական միութեան նախաձեռնութեամբ ընթացող խաղաղ բանակցութիւններուն, այլ ճանապարհ կը հարթեն ժողովրդաւարութեան կաիւն մակարդակ ունեցող՝ Արցախի բռնի հպատակեցումին հայատեաց ու իշխանաւար  Բաքուի իշխանութիւններուն:
Արեւմտեան Հայաստանի կառաւարութիւնն արդէն անդրադարձեր է Շառլ Միշէլի յայտարարութիւններուն, որակելով ատոնք, մեղմ ըսած, ոչ բարեկիրթ եւ հիմնազուրկ: Ինչպէս բազմիցս նշեր ենք՝ Արցախիեւ Շահումեանի շրջանի ժողովուրդը դեռեւս 1991 թուականուն անջատուեր է նախկին Խորհրդային Սոցիալիստական Հանրապետութիւններու Միութենէ՝ չըլլաով  պաշտօնապէս  ներկա՝ ոչ իրաւաքաղաքական ենթակա Բաքուի իշխանութիւններու տարածքային մաս: Շառլ Միշէլը իւր նման յայտարարութիւններով միայն կը բացայայտէ Եվրոպական խորհուրդի երկակի դէմքը: