Հայաստանի Հանրապետութեան կառաւարութեան կողմէն աւելի վաղ ներկայացուած դիմումին հիման վրայ Մարդու իրաւունքներու եվրոպական դատարանը կայացուցեր  է որոշում եւ պահանջեր Բաքուի իշխանութիւններէն մինչեւ սոյն թուականու յունիս 6-ը ներառեալ տրամադրիլ տեղեկութիւն, թէ արդեոք 2 զինծառայողները գերու կամ այլ կարգավիճակին մէջ կը գտնուին  Ադրբեջանի տիրապետութեան տակ:

Ինչպէս «Արմենպրէս»-ին կւ յայտնեն Միջազգային իրաւական հարցերով ներկայացուցչի գրասենեակէն, Բաքուի իշխանութիւններու՝ դրական պատասխանի պարագային Դատարանն անենցմէ պահանջեր է տրամադրիլ տեղեկութիւն զինծառայողներու պահման պայմաններու եւ բժշկական հետազոտութիւններու մասին:

Մայիս 28-ին Միջազգային իրաւական հարցերով ներկայացուցիչի գրասենեակը Մարդու իրաւունքներու եվրոպական դատարան է ներկայացուցեր  Ադրբեջանի իրաւասութեան ներքոյ գտնուող Հայաստանի Հանրապետութեան զինուած ուժերու երկու զինծառայողներու  հիմնարար իրաւունքներու պաշտպանութեան վերաբերեալ դիմում եւ պահանջեր, որպէսզի Դատարանի կանօնագիրքի 39-րդ կանօնին համաձայն միջանկեալ միջոց կիրառուի Բաքուի իշխանութիւններու նկատմամբ՝ զէրծ մնալու հայ զինծառայողներու իրաւունքներու խախտումներէն: Միաժամանակ պահանջ է ներկայացուեր տրամադրելու տեղեկատւութիւն վերջիններուս պահման վայրի, պայմաններու եւ առողջական վիճակին վերաբերեալ: