Հայ Առաքելական եկեղեցու Ռուսաստանի եւ Նոր Նախիջեւանի թէմին առաջնորդ Տ. Եզրաս արքեպիսկոպօս Ներսիսեանի օրհնութեամբ եւ աջակցութեամբ լոյս է տեսեր «Հավատամք» թերթի խմբագիր, գրող, թարգմանիչ Արմէն Մերուժանեանի հերթական գիրքը՝«Հայ համայնքը պատկերներով եւ դէմքերով. քաղաքի հիմնադրումէն մինեւ քսաներորդ դարու 30-ական թթ.» վերնագիրով: Ան նվիրուած է Սանկտ Պետերբուրգի հայ համայնքի պատմութեանը: Գիրքին մէջ տեղ են գտեր ուշագրաւ, փաստեր եւ իրադարձութիւններ՝ սկսած Պետրօս Առաջինի ժամանակներէն հայկական համայնքի ձեւաւորումէն մինչեւ ծագումով հայ յայտնի ազնուական ընտանիքներ, որոնք մեծ դերակատարութիւն են ունեցեր երկրի կեանքին մէջ:

Շատ անուններ ու իրադարձութիւններ աս գիրքին մէջ կը բարձրաձայնուին առաջին անգամ: Մերուժանեանը հրաշալի է ներկայացուցեր տարբեր ոլորտներու ակնառու հայ գործիչներու դիմանկարները՝ ատ թւին անդրադարձեր է Լազարեաններուն, Լօրիս-Մելիքովին, Այւազօւսկուն, Սուրենեյանցին, Եկմալեանին, Ռոմանօս Մելիքեանին: 

Հեղինակը կը փաստէ, որ Ռուսաստանի հայերը երբեք չեն եղեր ատ երկրին մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններու զուտ պասիւ դիտորդներ: Ներգրաւվելով ռուսական միջավայրին՝ անոնք  իւրեանց ներսը փայփայեր են պատմական հայրէնիքին երազը:

Յաւելւնք, որ Արմէն Մերուժանեանի նորատիպ գիրքի շապիկին Ալեքսանդր Թամանեանի հեղինակած Սուրբ Եկատերինա եկեղեցու վանդակաճաղի հատուածն է, իսկ կազմի վերջին էջին՝ ան բանալին է, որով ժամանակին բացուեր է Սուրբ Հարութիւն եկեղեցին:

Արեւմտեան Հաայաստանի կառաւարութիւնը կ’ողջունէ տարբեր ժամանակներուն եւ տարբեր հանգամանքներով թուրքական յաթաղանէն մազապուրծ փրկուած եւ աշխարհով մէկ սփռուած Արեւմտեան Հայաստանի զաւակներու կեանքն ու գործունեութիւը նկարագրող ցանկացած հրատարակութիւն: Արմէն Մերուժանեանի գիրքը ատ շարքէն է: Գիրքը կու գա հաստատելու բնիկ ժողովուրդի ուժն ու կարողութիւններն: Հայը որտեղ ալ որ յայտնուի՝ իւր ընտանիքի կեցութիւնն ապահովելէն ետք,  առաջին հերթին կը սկսէ զբաղուիլ Հայրէնիքի վերականգնումին եւ հզօրացումին հարցերով: Գիրքի հերոսները  ատ մարդկանց թւին կը պատկանին: Յիշենք միայն Լօրիս -Մելիքովին, ով Ռուսական կայսրութեան Ներքին գործերու նախարարն էր՝ փաստացի դիկտատր-վարչապետի պարտականութիւններով: Մինչ ատ ան հասուցեր էր իրականացնիլ իւր նպատակներու մի մասը՝ ազատագրելով Արեւմտեան Հայաստանի շարք մը գաւառներ: Հէնց ատ երազանքն է, որ տարագիր հայերուն կը ստիպէ առաջին իսկ հնարաւորութեան պարագային ծառաիւթեան մտնիլ բոլոր ան կառոյցներու մէջ, որտեղ կարող են զուգայեռ ծառայիլ նաի հայրէնիքին: Մէկ անգամ եւս կ’ողջունինք Արմէն Մերուժանէանին եւ միւս բոլոր գործիչներուն, ովքեր իւրեանց հայրէնանուեր գործունեութեանբ սերունդներեւն կը փոխանցեն հայ մեծերու ազգանուեր կէնսակերպը: