Արցախի Հանրապետութեան Մարդու իրաւունքներու պաշտպան Գէղամ Ստեփանէանը դիմատետրին էջին գրառում է կատարած, որմէ կը ներկայացնինք հատուածներ․«Երեխաներու պաշտպանութեան միջազգային օրը հրամայական է եւս մէկ անգամ բարձրաձայնիլ ան մարտահրաուերներու եւ զրկանքներու մասին, որոնց այսօր կը բախուին Արցախի 30 000 երեխաներ՝ Բաքուի իշխանութիւններու կողմէն 6 ամիս շարունակուող շրջափակումին յետեւանքով։ Երեխաներու իրաւունքներու մասին համաձայանգիրի համաձայն՝ աշխարհին մէջ բոլոր երեխաներն ունին հիմնարար եւ անօտարելի իրաւունքներ, սակայն արդեն շուրջ վեց ամիս է, ինչ արցախցի երեխաները կը շարունակին զրկուած մնալ իւրեանց հիմնական եւ տարրական իրաւունքներէն եւ ազատութիւններէն, ինչպիսիք են կրթութիւնը, առողջապահութիւնը, զարգացումը, ընտանիքի վերամիաւորումը, հոգեբանական եւ մտաւոր անձեռմխելիութիւնը, բաւարար կէնսամակարդակը, առաջին անհրաժեշտութեան իրերու հասանելիութիւնը։

Բաքվի իշխանութիւններու կողմէն Բերձորի ճանապարհի շրջափակումին պատճառաւ շուրջ 550 երեխա զրկուեր է տուն վերադառնալու եւ ընտանիքներու հետ վերամիավորուվելու իրաւունքիցէն: Ընդհանուր առմամբ, աւելի քան 1820 երեխա շրջափակմանումին պատճառաւ չեն կարողացեր տեսնիլ իւրաենց ծնօղներէն մէկուն կամ երկուսին, ինչի յհետեւանքով երեխաները լուրջ հոգեկան տառապանքներ են կրած:

Արցախի բոլոր հաստատութիւններու մէջ կրթական գործընթացը պարբերաբար խաթարուեր է Բաքուի իշխանութիւններու կողմէն Արցախի կենսական ենթակառուցվածքներու կանխամտածուած թիրախաւորումին պատճառաւ: Արցախցի երեխաներու ազատ տեղաշարժի իրաւունքի խախտումին պատճառաւ ուսանողները չեն կըևնա դիմել ուսումնական հաստատութիւններ եւ Արցախէն դուրս օգտուիլլ կրթական հնարաւորութիւններէն։

Արցախ սննդամթերքի ժամանակին եւ բաւարար մատակարարումներու բացակաւիւթեան պայմաններուն երեխաները, այդ թւին՝ նորածինները, կանգնած են թերսնուցումէն, վիտամիններու եւ հանքանիւթերու պակասի եւ ատոնցմէ բխող առողջական խնդիրներու  լուրջ սպառնալիքին առաջ։

Երեխաներու իրաւունքները մարդու իրաւունքներ են, եւ ատոնք պետք է ըլլան համընդհանուր՝ անկախ երեխայի ծագումէն կամ էթնիկ պատկանելութենէ: Արցախցի երեխաները պետք է օգտուին նոյն իրաւունքներէն եւ հնարաւորութիւններէն, ինչպէս աշխարհի բոլոր երեխաները։ Այնինչ, 21-րդ դարուն, երբ քաղաքակիրթ աշխարհը կը յետապնդէ կաիւն զարգացումին նպատակներ, արցախցի երեխաները դեռեւս կը պայքարին իւրաենց հիմնական իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ հնարաւորութիւններու ապահովումին համար։ Արցախի երեխաներու սպառնացող էկզիստենցիալ սպառնալիքներու պայմաններուն մենք եւս մէկ անգամկոչ կընենք միջազգային հանրութեանը՝ ի դէմս ՅՈՒՆԻՍԵՖ-ի՝ քայլեր ձեռնարկիլ արդիււնաւետօրէն պաշտպանելու մեր երեխաներուս իրաւունքները եւ կանխելու Բաքուի իշխանութիւններու հայատեաց եւ բռապետական ռեժիմի կողմէն ամէն օր հնչեցուող սպառնալիքները»։