
Ճանապարհ դեպի երկինք
Քիչ առաջ տեղեկացա Հայաստանի, Թուրքիոյ թուրքերու եւ անոնց ադրբեջանցի եղբայրներու սանձազերծած պատերազմի եւ համագործակցութեամբ «յետաքրքրուած» Գեղեցկուհու տխուր հետեւանքներու մասին։
Զօհուեցաւ միտ վեց հազար հայ զինւոր ։ Ինծի համար դա պատերազմ չէր այլ քաղաքական աղէտ, մեր ինտելեկտի լուրջ պակաս, ղեկավարներու չափազանց ինքնավստահութիւն:
Մենք ՝ սփիւռքահայերնիս, “Արեւմտեան Հայաստանի հայերս “, չենք մոռնար այն մասին, թէ ինչ կը կատարուի Արեւելեան Հայաստանին մէջ եւ մենք անոր կօգնինք ոչ միայն ֆինանսապէս եւ կը պաշտէինք անոր իբրեւ սրբութիւն այլեւ կը տառապէինք անոր հետ միասին եւ ցաւալի է տեսնիլ , թէ ինչպէս է նա ան կընկղմուի անյասկացողութեան եւ անկաիւնութեան մէջ:
Ինծի կթուի, որ Հայաստանի ղեկաւարութիւնը մեզի կընդունէ իբրեւ եղբայրներ, քանի որ կը վախնան դուրս մղուած ըլլալ։ Ես վստահ եմ, որ եթէ անոնք մեզի դիմեին մինչեւ ատ ողբերգական որոշումը կայացնիլը, եթէ խորհրդակցեին մեզի հետ Արցախի ապագային մասին եւ զգուշացնեին մեզօ Բաքուի իշխանութիւններու կողմէն ան գրաւելու վտանգիմ մասին, հնարաւոր է, եւ ես կը կրկնիմ “հնարաւոր է”, մենք կգտնեինք լուծումը եւ վեց հազար զոհուածները եւ անոնց հարազատները չէին ողբա անոնց եվ մեզի համար այս դժուարին պահին ։
Միգուցէ մեզի կը պակսի այն համոզմունքը եւ մենտալիտետը, որ մեր միասնութիւնը մեզի կւ տանի վերջնական յաղթանակի: Մենք կը գործինք որպէս զուգայեռ վտարանդի Հայաստան եւ ունինք միլիոնաւոր եղբայրներ ՝ աշխարհով մէկ սփռուած ու շատ համակիրներ: Մենք կը գտնուինք այն սահմանագծին, երբ կուզինք համոզիլ զարգացած երկրներուն մտածիլ մեր պահանջներու մասին: Երբ մենք հասնինք մեր նպատակին, կու գա “ազատ ու անկախ” Հայաստանի տերերու հետ զրուցելու ժամանակը, որպէսզի ուղղինք մեր սխալներն ու անհարթութիւնները եւ ընկալինք իրարու իբրեւ եղբայրներ։ Ատ ժամանակ մենք կը յաղթենք Հարութեան ճակատամարտը։
Մենք հայերս տաղանդաւոր, սթափ ժողովուրդ ենք, բայց, բաց ենք թողեր ճիշտ հասկընալու, թէ որտեղ կը գտնուի ճշմարտությունը: Արդեն որոշակի ժամանակ Հայաստանն ու Սփիւռքը նաւաբեկութեան կը ենթարկուին այ խառնաշփոթ ճշմարտութեան մէջ՝ չկարողանալով գտնիլ ան ճշմարտութիւնը, որը մեզի հաւիտենական խաղաղութիւն կը պարգեւի:
Թուրքիոյ ձեռնտու է տնտեսական եւ սոցիալական բաժանումը երկու Հայաստանի միջեւ, ատորով նա ժամանակ կը շահէ եւ կօգտուի մեր ժառանգութենէ, որը կը գտնուի անոր տրամադրութեան տակ :
Յստակ գաղափարներ ունենալը, կորած գառնուկներուն վերադարձնիլը, առաջադէմ ազգերու մէջ աջակիցներ ձեռք բերիլը եւ այն նպատակի շուրջ համախմբուիլը, որուն հասնելու համար ջրերը կը միաիւուին, մեզի ոտքի կը կանգնեցնեին: Հակառակ պարագային մենք չենք հասնի Հռոմ եւ կը շարունակինք նավարկիլ, ինչպէս նախկին ատէն, դատարկութեան մէջ առկա պարանին շուրջ։
Հայաստանը միայնակ չէ ։ Սփիւռքով շրջապատուած եւ ասիմիլացուած` այն այլեւս երբեք թուրքական որոգայթ չի ընկներ։
Յարգանքով՝
Ռայմօնդ Ռուբէն Բերբերեան