Հնագէտ, արուեստագէտ Յակոբ Սիմօնեանի գլխաւորած արշաւախումբը Արագածի ստորոտին գետնուող Վերին Նաւեր  հնավայրին մէջ կատարած պեղումներու ընթացքին հայտնաբերեր է հոգեւոր եւ աշխարհիկ իշխանութեան բազմաթիւ վկաիւթիւններ, թանկարժէք մետաղներէն եւ քարերէն պերճանքի առարկաներ, իշխանութեան խորհրդանիշներ՝ զէնքեր, կնիք, ձիասանձեր, դիմաքանդակներով մեդալիոններ եւ այլն:

«Արմէնպրէս»-ի հաղորդմամբ՝ հետաքրքիր գտածոները տեղ են գտեր «Մոռացուած թագաւորութիւն. Վերին Նաւեր» խորագիրով ցուցադրութեանը, որու բացումին հանդիսաւոր արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Հայաստանի պատմութեան թանգարանին մէջ:

Յակոբ Սիմոնեանի խօսքով՝ Վերին Նաւերու մէջ պեղումներ են սկսուեր 1976 թուականէն եւ հիմնական շեշտադրումը դրեր են ուշ բրօնզեդարեան դամբարաններու վրայ, որոնք կը կրեն արքայական իշխանութեան խորհրդանիշներ: «Աս ան ժամանակաշրջանն է, երբ Հայաստանին մէջ արդեն ձեւաւորուած պետութիւններ կային, եւ պեղումներու ժամանակ բացայայտուեր են առաջնորդ արքաներու, գերագոյն քուրմերու դամբարաններ: Բարեխիղճ պեղումներու արդիւնքին ստացեր ենք վիթխարի տեղեկատւութիւն ատ ժամանակ Արարատեան դաշտին մէջ ապրող հասարակութեան, սոցիալական կառուցուածքի, միջազգային կապերու, արհեստներու, տուրևառի, զինուժի մասին»,-շեշտեց հնագէտը:

Նա բացառիկ կը յամարի նաեւ ցուցադրութեան մէջ ներառուած մեդալիոնները: Յակոբ Սիմօնեանը վստահեցուց, որ նման մեդալիոններ կան Լոււրի, Բրիտանական թանգարաններում: 

Արեւմտեան Հայաստանի կառաւարութիւնը կողջունէ  նման ցուցադրութիւններն ու կը մաղթէ ,որ ատոնք կըլլան  շարունակական: Մշակոյթն է ցանկացած ժողովուրդին այցեքարտը: Հայկական լեռնաշխարհը, որը մարդկութեան քաղաքակրթութեան բնօրանն է, հարուստ է ատ քաղաքակրթութեան ցուցանմուշներով, որոնք  ի ցոյց կը դնեն Հայաստան պետութեան հազարամեակներու պատմութիւնը: Մեր Հայրենիքի որ մասի վրայ  ալլ սկսինք պեղումներ իրականացնիլ, կը հայտնաբերինք մեր պետականութեան՝ սկսած Միտանիէն մինչեւ մեր օրերը, խորհրդանիշներ, որոնք կը կրեն բնիկ ժողովուրդի անձնագիրային տուեալները՝ գենետիկական, մարդաբանական, մշակութաբանական եւ այլն: