
Պետական, քաղաքական նշանաւոր գործիչը, գործելով երկու հասարակարգերու հատման ժամանակաշրջանին, իւրահատուկ նվիրւածութիւն ու հոգածութիւն դրսեւորեց իւր ժողովուրդի բախտի հանդէպ: Ճակատագիրի բերումով եղաւ հին հասարակարգի շենացնողը, միաժամանակ՝ նորի անաչառ գնահատողն ու կշռադատ ջանադիրը՝ ուսերուն առնելով նոր պայմաններուն սոցիալ-տնտեսական խնդիրներու լուծումին դժուարին պատասխանատւութեան ողբերգականօրէն ընդհատուած դերակատարութիւնը:
42 տարեկանին նա ընտրուեցաւ Հայաստանի կոմկուսի Կենտկոմի առաջին քարտուղար եւ երկիրը կառաւարեց 1974-1988 թուերուն: Պոլիտեխնիկի նախկին սանը, Երեւանի էլեկտրատեխնիկական գործարանի վարպետէն մինչեւ տնօրեն հասած՝ Երեւանի քաղկոմի, ապա Հայաստանի կոմունիստական կուսակցութեան Կենտկոմի քարտուղար աշխատած խոստումնալից կազմակերպիչն ուներ երկրի ապագայի վերաբերեալ սեփական հայեցակարգը: Նա Հայաստանը կը նպատկերացներ քիչ էներգատար ու նուազ ռեսուրսատար զարգացած արդյունաբերութեմբ, ինտենսիւ գիւղատնտեսութեամբ ու բնապահպանական առումով անվտանգ երկիր, ինչպիսին էր Շվեյցարիան:
Սկզբունքօրէն լինելով երկիրին մէջ համաշխարհային վերափոխումներու քաղաքականութեան կողմնակից՝ Դեմիրճեան յետեւողականօրէն կը պնդեր վերակառուցումին յատուկ կոնցեպցիոյ մշակումին անհրաժեշտութիւնը, որն ընդգրկեր սոցիալ-տնտեսական խնդիրներու ամբողջ ծաւալը, տարածաշրջանային հիմնահարցերը, ատոնց լուծման ուղիներն ու մեթոդները: Սովետական Միութեան կոմունիստական կուսակցութեան: Կենտկոմին մէջ նման մոտեցումներու բացակայութիւնը մեր հանրապետութեան մէջ վերակառուցումին ընթացքի անհիմն քննադատութիւնը եւ ազգամիջեան հարաբերութիւններու հարցին մէջ սկզբունքային տարաձայնութիւնները կեդրօնի հետ (անոր դիրքորոշումը յստակ ձեւակերպում ստացաւ 1988 թ. փետրվար 28-ին տեղի ունեցած ՀԿԿ կենտկոմի պլենումի որոշումին մէջ) դարձան անոր պաշտօնաթողութեան հիմնական պատճառը, մայիս 1988 թ.:
1991 թ. մինչեւ 1999 թ. Դեմիրճեան գլխաւորեր է Հանրապետութեան խոշորագոյն ձեռնարկութիւններէն մեկը` «Հայէլեկտրամեքենա» փակ բաժնետիրական ընկերութիւնը:
Երկրին մէջ տիրող ծանր իրավիճակը բերեց Կարէն Դեմիրճեանի վերադարձը քաղաքական ակտիւ գործունեութեան: 1998 թ. նա առաջադրուեցաւ որպէս Հանրապետութեան նախագահի թեկնածու:
1999թ. մայիսուն Կարէն Դեմիրճեան կ’ընտրուի Ազգային Ժողովի նախագահ: Հանրապետութեան զարգացումին նա կարողացաւ համակարգուած բնոյթ տալ` յստակեցուեցան զարգացումին առաջնային խնդիրները, կառուցւածքային քաղաքականութեան առանցքային ուղիները, գլխաւոր ներուժի` մարդկային գործօնի խելամիտ ու նպատակային իրացումին մեծ յեռանկար միտող կողմնորոշիչները:

Կարեն Դեմիրճյան կարճ ժամկետին մէջ իւր շուրջը համախմբեց Հանրապետութեան գրեթէ բոլոր առաջադէմ քաղաքական ուժերու եւ աշխարհի հայերուն, ձեռնամուխ եղաւ երկրի վերականգումին ծրագիրներու իրականացումին: Սակայն, 1999 թ. հոկտեմբեր 27-ին Ազգային Ժողովին մէջ` նիստի ատեն Կարէն Դեմիրճեանը, Վազգէն Սարգսէանը, Ազգային ժողովի հինգ երեսփոխաններ եւ մէկ նախարար քաղաքական աննախադէպ ահաբեկչութէան զօհ դարձան: