Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Հարութիւնեանը հունիս 2-ին հանդիպեր է Ազգային ժողովի  երեսփոխաններու հետ:

Ինչպէս «Արմէնպրէս»-ը կը տեղեկանա Արցախի նախագահի աշխատակազմի տարածած յաղորդագրութենէ, Արայիկ Հարութիւնեան ներկայացուցեր է Արցախի շուրջ ձեւաւորուած ռազմաքաղաքական  վերջին զարգացումները, անդրադարձեր Հայաստան-Ադրբեջան  բանակցային գործընթացին, խօսեր ստեղծուած իրավիճակին գործադիր իշխանութեան քայլերու մասին:

Նախագահ Հարութիւնեան պատասխաներ է ներքին ու արտաքին հիմնախնդիրներու վերաբերեալ երեսփոխաններու շուրջ երկու տասնեակ հարցերուն: Տեղի է ունեցեր մտքերու փոխանակութիւն համատեղ անելիքներու շուրջ: