
«Փրկինք Ղարաբաղը» կոալիցիան Շվէյցարիոյ արտաքին գործերու դաշնային դեպարտամենտի ղեկաւար Իգնացիո Կասիսին կոչ է ըրած օգտագործիլ Միաւորուած ազգերու կազմակերպութեան Անվտանգութեան խորհուրդին մէջ Շվէյցարիոյ նախագահութիւնը՝ օգնելու համար շրջափակուած Արցախի ժողովուրդին: Մասնաւորապէս, նամակին մէջ կոչ է ըրած Կասիսին «օգտագործիլ Միաւորուած ազգերու կազմակերպութեան Անվտանգութեան խորհուրդին[ մէջ իր] նախագահութեանը մնացած քանի մը շաբաթը՝ առաջ մղելու բանաձեւ», որը «կը պաշտպանէ Արցախի խոցելի հայերուն» եւ կը ճանաչընայ անոնց ինքնորոշումին իրաւունքը։ Նամակին մէջ կը նշուի, որ փետրուարուն Շվէյցարիոյ Պետութիւններու խորհրդի արտաքին հարաբերութիւններու կոմիտէն բանաձեւ է ընդուներ՝ կոչ ընելով Շվէյցարիային աշխատիլ Միաւորուած ազգերու կազմակերպութեան Անվտանգութեան խորհուրդին մէջ բանաձեւի ուղղութեամբ, որը կը ստիպէ դադարեցնիլ շրջափակումը եւ ապահովիլ միջազգային մարդասիրական օդային փոխադրում դէպի Արցախ: Կոալիցիան կոչ է ըրած Կասիսին օգտագործիլ Արտաքին հարաբերութիւններու կոմիտեի բանաձեւը՝ որպէս «քաղաքականութեան շրջանակ» Միաւորուած ազգերու կազմակերպութեան Անվտանգութեան խորհրդի գործողութիւններու համար: