Նոր ջրամբարի կառուցումին պատճառաւ Դերսիմի Հոզաթ գաւառի Սեգեդիկ գիւղը ջրի տակ  անցնելու վտանգի տակ է։ Մօոտ 11 տարի առաջ կազմուած նախագիծի աշխատանքները մեկնարկեր են։ Նշինք, որ Սեգեդիկ գիւղին մէջ կը պահպանուին հինաւուրց հայկական մատուռ եւ ժայռափոր գերեզմաններ: Սեգեդիկի՝ հիմնականին մեղուաբուծութեամբ եւ ոչխարաբուծութեամբ զբաղվուող  բնակիչները յայտնուեր են անելանելի վիճակին մէջ․ «Աստեղ պատմութիւն կա, աստեղ է անցեր մեր կեանքը»։

Գիւղապետը կը նշէ, որ գիւղի անունէ իրաւվական գործընթաց է սկսուեր, սակայն դիմումը մերժուեր է, որմէ  ետք սկսուեր են ծրագիրով նախատեսուած աշխատանքները։

Գիւղապետի խօսքով՝ չնայած անոր, որ գիւղացիները կը զբաղուին գիւղատնտեսութեամբ եւ անասնապահութեամբ, 200 հեկտար վարելահող պիտի ոչնչացուի։ «Բացի նիւթական օգուտէն, գիւղին մէջ նաեւ հոգեւոր իմաստով յիշողութիւններ կան՝ աստեղ կա հայկական մատուռ, գիւղի գերեզմանոցին մէջ կը հանգչին բնակիչներու հարազատներն ու մերձաւորները։ Աս գիւղը դատարկուեր է 38-ի ջարդերու ատեն, 90-ականներուն  կրկին փորձեր են տարհանիլ մարդկանց, բայց,  չնայած ատոր, կեանքը շարունակուեցաւ։ Հիմա ալ աս կերպ կը փորձեն ամայացնիլ»,- ըսաւ ան։