Եվրոպայի խորհրդի նախարարներու կոմիտէն Մարդու իրաւունքներու եվրոպական դատարանի վճիռներու կատարումը վերայսկելու նպատակով եռօրեա նիստ կանցկըցնէ:

«Արմէնպրէս»-ի փոխանցմամբ՝ այս մասին կը յայտնէ Եվրոպայի խորհրդի մամուլի ծառայութիւնը։ Մանրամասն քննութեան համար առաջարկուած գործերը կը վերաբերին  Հայաստանին, Ադրբեջանին, Բոսնիա եւ Հերցեգովինային, Բուլղարիային, Խորվաթիային, Ֆրանսիային, Վրաստանին, Յունաստանին, Յունգարիային, Իտալիային, Մոլդովային, Յիւսիսային Մակեդոնիային, Լեհաստանին, Ռումինիային, Ռուսաստանին, Սլովենիային, Թուրքիային, Ուկրաինային եւ Միացեալ Թագաւորութեանը։ Նիստի ընթացքին նախարարներու կոմիտէի կողմէն ընդունուած որոշումները կը հրապարակուին Եվրոպայի խորհրդի կայքին մէջ յունիս 8-ին։ Մարդու իրաւունքների եվրոպական համաձայնագիրի 46-րդ յօդուածի համաձայն՝ Մարդու իրաւունքներու եվրոպական դատարանի վճիռները պարտադիր են կատարման համար: Նախարարներու խորհուրդը կը վերայսկէ վճիռներու կատարումը՝ հիմնվելով ազգային իշխանութիւններու, դիմողներու, հասարակական կազմակերպութիւններու , Մարդու իրաւունքներիու ազգային ինստիտուտներու եւ այլ շահագրգիռ կողմերիու տրամադրած տեղեկատւութեան վրայ:             Արեւմտեան Հայաստանի կառաւարութիւնը կը յիշեցնէ, որ Շուշիի փախստականներու դիմումները ընդդէմ Բաքուի իշխանութիւններու, որոնք մուտք են  եղեր Մարդու իրաւունքներու եվրոպական դատարան Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմենակ Աբրահամեանի կողմէն՝ ըստ փախստականներու մեզի ուղղւած դիմումներու, եւս կը գտնուին վարոյթին մէջ եւ այս ամիս նորէն տաս դիմում մուտք կը գործեն ու  կը շարունակէն մինչեւ վերջին դիմումը մուտքագրուի եւ մտնէ վարոյթ: Մինչեւ տարեվերջ կսկսուին լսումները: Յուսով ենք, որ վերայսկողութիւնը կը նպաստէ արդար դատաւվճիռներու կայացումին: