Յունիս 3-ին Սոչի քաղաքին մէջ տեղի է ունեցեր Երեւանի պետական համալսարանի Թիւրքագիտութեան ամբիոնի դոցենտ,  Երեւանի պետական համալսարանի  Հայագիտական հետազոտութիւններու ինստիտուտի հայ-օսմանական առնչութիւններու բաժնի վարիչ, բանսիրական գիտ. թէկնածու Լուսինեէ Սահակեանի՝ 2019 թ. հրատարակած «Համշէնը հայկական ձեռագիրներու մէջ» գիրքի ռուսերէն թարգմանութեան շնորհանդէսը:

Գիրքին մէջ հեղինակը քննութեան կենթարկէ XIII-XVII դարերուն  Համշէնի գաւառին մէջ  եւ հոգեւոր այլ կեդրօններու մէջ համշենցի գրիչներու ընդօրինակած ձեռագիրներու յիշատակարանները:

Այս աղբիւրներու մէջ տեղ գտած բացառիկ փաստերն ու վկայութիւնները հնարաւորութիւն կընձեռեն որոշակի պատկերացում կազմելու XIII-XVII դարերուն գաւառի քաղաքական, հոգեւոր-մշակութային կեանքի, բնակչութեան զբաղմունքի, լեզուական վիճակի, ժողովրդական հավատալիքներու մասին:

Ռուսերէն գիրքին մէջ առաջին անգամ հրատարակուեր է նաեւ Համշենի XV-XVII դարերու բնակավայրերու քարտէզը:

Սոյն յետազօտութիւնը իրականցուեր  է Երեւանի պետական համալսարանի հայագիտական յետազօտութիւններու ինստիտուտի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան  Գիտութեան կոմիտէի թեմաներու շրջանակներու մէջ: