
Ծնուեր է 1876թ. յունւարին, Շուշի: Հայրը՝ ուսուցիչ եւ առեւտրական Յովհաննէս Տէր-Կասպարէանը, բազմանդամ ընտանիքով կը տեղափոխուի Բաքու:
Մինչեւ1900 թուականը Սարգիս Կասեան կը սովրի Բաքու, ապա ուսումը կը շարունակէ Եվրոպա: Կ’աւարտէ Լայպցիգի առեւտրական ինստիտուտը, ապա Բեռլինի համալսարանի փիլիսոփաիւթեան ֆակուլտետը:1906-ուն Կասեան Լիւդվիգ Կնունեանցի եւ Պետրօս Մնացականեանի հետ կը հիմնադրէ «Բանուորի ձայնը» հայերէն առաջին բոլշեւիկեան թերթը։
Գերմաներէնէն հայերէն կը թարգամնէ Մարքսի ու Էնգէլսի «Համայնաւարական կուսակցութեան մանիֆեստը » եւ Էնգէլսի «Համայնաւարութեան սկզբունքները» գրութիւնները:
Թիֆլիսին մէջ Ստէփան Շահումեանի նախաձեռնութեամբ կը հրատարակէ «Կայծ», «Նոր խօսք» թերթերը։ Սպենդարեանի հետ կը մասնակցէ «Լիստօկ-կօպեյկա» ռուսերէն պարբերականի հրատարակումին: 1914-ին Բորեանի եւ այլ բոլշեւիկներու հետ Թիֆլիսին մէջ կը հրատարակէ «Մեր խօսքը» շաբաթաթերթը։
1919 թուականուն կը մասնակցէ Հայաստանի բոլշեւիկեան կազմակերպութիւններու սեպտեմբերյան անօրինական խորհրդակցութեանը եւ առաջին անօրինական խորհրդաժողովին ՝1920 թուականու յունւարին կ’ընտրուի Արմէնկօմի նախագահ, արդեն 1920 թուականու նոյեմբերուն՝ Հայհեղկօմի նախագահ։
Նա Խորհրդային Հայաստանի առաջնօրդ եղաւ ընդամենը քանի մը ամիս: Աս ընթացքին էր՝ 1921-ի փետրվարուն, որ տեղի ունեցաւ քանի մը տասնեակ հայ գործիչներու եւ զինւորականներու կացնահարումը Երեւանի բանտին մէջ:
1920-30-ական թթ. բարձր պաշտօններ է զբաղեցուցեր Անդրֆեդերացիոյ (Հայաստան, Վրաստան, Ադրբեջան, 1922-1936) կազմին մէջ:
Կը սպանուի 1937-ին՝ դառնալով Ստալինեան ահաբեկչութեան զօհերէն: