
Արեւմտեան Հայաստանի բռնազաւթումէն ետք թուրքացումին եւ իսլամացումին գործընթացին բնիկ ազգերու եւ տարբեր կրօնական պատկանելութեան ժողովուրդներու յաջողութիւններն ու առաւելութիւնները կա՛մ ամբողջովին անտեսուեցան, կա՛մ նսեմացուեցան, եւ ատոնց մասին պարզապէս քանի մը տողով նշումներ եղան պաշտօնական պատմութեան գիրքերու մէջ: Օրինակ՝ կ’ուսուցանուի, որ տպագրական մեքենան, որը գիտական եւ մշակութային կեանքի կարեւորագոյն գործիքներէն է, առաջին անգամ թուրքական պետութեան մէջ սկսեր է կիրառուիլ 1719 թուականուն՝ Գյուտէնբերգի գիւտէն գրեթէ երեք դար անց։ Սակայն տպագրական մեքենան Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայերն օգտագործեր են 1567 թուականուն՝ թուրքերէն շատ առաջ։
Հայ մտավորականներու կողմէն ստեղծուած հայկական առաջին թերթերը եղեր են «Շտեմարան պատանի գիտելեաց»-ը, «Արշալոյս Արարատեան»-ը եւ «Հայրէնասէր»-ը, որոնք կը հրատարկուեին Իզմիրին մէջ 1839 թուականէն։ Համաձայն հայոց լեզուի մասնագէտ եւ պատմաբան Բարսէղ Թուղլաջեանի (Պարս Թուղլաջ) ներկայացուցած տուեալներու՝ ուղղակիօրէն հայերէն կամ հայերէն տառերով թուրքերէն հրատարակուած թերթերու ու ամսագիրներու թիւը, որոնք տպագրուեր են Կոստանդնուպօլսոյ 131 եւ գիւղական շրջաններու 61 հայկական տպարաններու մէջ՝ 1567-1923 թուականներուն, կը հասնի 598-ի։
Այն, որ յունական, հայկական եւ եբրայական թերթերու ընդհանուր թիւը այսօր չի հասնի տասի, ցուցիչն է այն բանի, թէ ինչպէս է ոչ թուրք եւ ոչ մահմէդական բնակչութիւնը ոչնչացուեր մինչ օրս շարունակուող ցեղասպանութիւններու եւ տեղահանութիւններու արդիւնքին։ Ընդդիմանալով ոչնչացումին եւ ժխտումին այս փոթորիկին, 1996 թուականու ապրիլ 5-ին լոյս տեսած առաջին երկլեզու՝ թուրքերէն եւ հայերէն տպագրուող «Ակօս» թերթը նոյն վճռականութեամբ կը շարունակէ իւր պայքարը ցեղասպանութեան ժխտումին և յանուն ազատութեան ու ժողովրդաւարութեան՝ անկախ այն փաստէն, որ թերթի հիմնադիր Հրանտ Դինքը սպանուեցաւ 2007 թուականու յունւար 19-ին՝ ֆաշիստական գնդակներէն։
Նշինք, որ բացի բռնազաւթուած Արեւմտեան Հայաստանէն, գլխաւորապէս Հայաստանի Հանրապետութեան եւ բոլոր մայրցամաքներու մէջ, որտեղ կը բնակուին տարագիր հայերը, անհամար հայկական թերթեր, ամսագիրներ եւ գիրքեր կը հրատարակուին:
