
«Փափուռի»ն (Փափուռի, Փամփորիկ, Փոմփոռի, Փամփուռիկ) տարածաշրջանային զանազան տարբերակներով պար մըն է, կը պարուի ամբողջ Վանի, Մշոյ դաշտին, Բաղէշի (Պիթլիս), Սասունի եւ Հայկական լեռնաշխարհի մեծ մասին մէջ: Այս պարին արտասանութեան եւ, հետեւաբար, անուանման ուղղագրութեան բազմաթիւ տարբերակներ կան: Ըստ Թոմ Պոզիքեանի` «մ»-ով անոր անուանումը կրնայ յառաջացած ըլլալ պարին մէջ ոտքով գետին հարուածելու ժամանակ հնչած խօսակցական շեշտադրումէն` «Փամփ, փամփ, փամփոռի»:
«Փափուռի»ի այս տարբերակը տղամարդոց աւանդական պար մըն է Խորգոմ գիւղէն (ներկայիս Տիլքայա): Պարը Նիւ Եորքի Հայկական ժողովրդական պարերու ընկերութեան սկզբնապէս ներկայացուցած է յայտնի նկարիչ Արշիլ Կորքիի (Ատոյեան) հօրեղբայր Արշակ Մուրատեանը՝ 1939 թուականին: Ան կը շարունակէ խառն շարքերով պարուիլ ԱՄՆ-ի հայկական գաղութներուն մէջ եւ կը համալրէ Հայաստանի Հանրապետութեան պարախումբերուն ցանկը: