
Հայաստանի Հանրապետութեան ազգային հերոս, գնդապետ Վահագն Ասատրեան իւր ռազմական ուղին ընտրեր էր գիտակցուած եւ ողջ կեանքին մէջ յաւատարիմ մացեր ընտրած գործին: Ատ ընտրութեան մէջ դեր ուներ քեռին՝ գեներալ Աստուածատուր Պետրօսեանը, որու ռազմական մկրտութեամբ է սկսուեր հերոսի ուղին: Անոր յորդորով է Վահագնի մայրը` տիկին Սիման համաձայներ որդու մասնագիտական ընտրութեան հետ:
Կադրային զինւորական Վահագն Ասատրեան ավարտեր է 5 ռազմական բուհ: Անոր զինւորական կրթութիւնը սկսուեր է Մոնթէ Մելքոնեանի անուան ռազմական ուսումնարանէն 1994 թուականին: 1997 թ-ին՝ ուսումնարանն ետք սկսուեր է Վահագնի երկարամեա ծառաիււթիււնը Հայոց բանակին մէջ: Ստանձնելով բազմաթիւ պատասխանատու պաշտօններ տարբեր զօրամասերու մէջ՝ նա իւր ներդրումն է ունեցեր բանակաշինութեան գործին մէջ: 2015-2017թթ. նա եղեր է Մարշալ Բաղրամեանի անուան զորամասի հրամանատար, Արմավիրի կայազորի պետ, իսկ 2017-2020թթ. ՝ Հայաստանի Հանրապետութեան զինուած ուժերու յատուկ նշանակութեան զորամասի հրամանատար: Մասնակցեր է 2020թ. 44- օրեա Արցախեան պատերազմին որպէս Յատուկ նշանակութեան զօրքերու հրամանատար:
Պատերազմին սկսելու առաջին օրը՝ սեպտեմբեր 27-ին, Վահագն Ասատրեան իւր ղեկաւարած ստորաբաժանումին հետ միասին մեկներ է Սիւնիքի մարզ, ուրկէ նոյն օրը տեղափոխուեր է Արցախի Հանրապետութեան Շահումեանի շրջան։ Հոկտեմբերի առաջին օրերուն Վահագն Ասատրեանի մշակած ռազմագործողութեամբ ու հրամանատարութեամբ անոր ստորաբաժանումը կարողացաւ վերագրաուիլ Շահումեանի շրջանի «Շղթաներ» դիրքը։ Վահագն Ասատրեան իւր ղեկաւարած ստորաբաժանումին հետ Շահումեանի շրջանէն տեղափոխուեցաւ Արցախի Հանրապետութեան Յադրութի շրջանի Ջրականի հատուած ու ծանր մարտեր մղեց թշնամու դէմ։

Ըստ նորա՝ օգնական Արթուր Մուսայէլեանի յայտնած տեղեկութիւններու՝ Յադրութի շրջանին մէջ (Ջրական, Յադրութ) ընթացող մարտական գործողութիւններու ժամանակ ադրբեջանական զինուած ուժերու ստորաբաժանումները ամբողջ ռազմաճակատով փնտրեր են Վահագն Ասատրեանը։ Ռադիոյետախուզական տուեալներու համաձայն՝ ադրբեջանական զինուած ուժերու ստորաբաժանումներուն հրահանգուած էր Վահագն Ասատրեանին յայտնաբերելու պարագային անմիջապէս հրթիռակօծել անոր գտնուելու վայրը։
Իւր ղեկաւարած յատուկ նշանակութեան ստորաբաժանումին հետ Ասատրեան ծանր մարտեր մղած է Յադրութ քաղաքին ու մերձակայքին մէջ։
Զօհուեր է հոկտեմբեր 12-ին Յադրութ քաղաքի պաշտպանութեան ատեն ադրբեջանական զինուած ուժերու կողմէն արձակուած հրթիռի յարուածէն։