Լեմկինի Ցեղասպանութեան կանխարգելումին ինստիտուտը յայտարարութիւն է տարածեր՝ կոչ ընելով միջազգային հանրութեանը ուժեղ ճնշում գործադրիլ Բաքուի վրայ՝ դադարեցնելու Հայաստանի եւ Արցախի դէմ ցեղասպանական սպառնալիքները։

Ստօրեւ կը մեջբերենք մայիս 30-ին տարածուած յայտարարութենէ հատուածներ.

«Լեմկինի Ցեղասպանութեան կանխարգելումին ինստիտուտն կ’արձանագրէ իւր խորը մտահոգութիւնը Հայաստան-Ադրբեջան խաղաղ բանակցութիւններու մէջ ներգրավուած միջազգային բանակցողներու բացայայտ կոյր կետերու կապակցութեամբ։

Մենք կը խնդրենք միջազգային դերակատարներուն, մասնաւորապէս՝ Ամէրկայի միացեալ նահանգներու  նախագահ Բայդենին, ԱՄՆ պետքարտուղար Էնթօնի Բլինքէնին, Ռուսաստանի նախագահ Վլադիմիր Պուտինին եւ Ռուսաստանի արտաքին գործերու նախարար Սերգէյ Լաւրովին, որպէսզի ճանչընան Հարաւային Կօուկասին մէջ  հայերու ցեղասպանութեան- արմենոցիդի սպառնալիքը։

Մենք նաւ կը խնդրենք անոնց յաշուի առնիլ վաղ նախազգուշացումին գործող համակարգերը եւ ցեղասպանութեան կանխարգելումին արձանագրութիւնները անտեսելու յետեւանքները՝ պարգեւատրելով Ադրբեջանի նախագահ Իլհամ Ալիեւին Հայաստանի հասցեին հնչեցուցած սպառնալիքներու համար: 

Աս գարնանը մենք տեսանք միջազգային միջնորդութեամբ Հայաստանի եւ Բաքուի իշխանություններու միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիրն աւարտին հասցնելու ջանքերու ակտիւացում: Աս բանակցութիւնները յստակօրէն կը ներառին Հայաստանի յսկայական զիջումներ Ադրբեջանին, օրինակ՝ պատմականօրէն հայկական Արցախի (Լեռնային Ղարաբաղ) տարածքի զիջումը՝ փոխարէնը Հայաստանին առաջարկուող քիչ բանով ՝ զատ թղթային երաշխիքներէն»։

Ինստիտուտը յայտարարութեան վերջը մէկ անգամ եւս պնդեր է՝ անմիջական առաջնայերթութիւնը ըլլալու է հայերու դէմ ցեղասպանութեան կանխարգելումը։

Արեւմտեան Հայաստանի կառաւարութիւնը  կը կիսէ  Լեմկինի Ցեղասպանութեան կանխարգելումին ինստիտուտի տարածած յայտարարութեան դրոյթները, որոնց մասին մենք բազմիցս բարձրաձայնած ենք ու կը շարունակինք բարձրաձայնեիլ Միաւորուած ազգերու կազմակերպութեան ամբիոնէն: Թուրքիոյ եւ Բաքուի իշխանութիւններու ցեղասպան քաղաքականութեան դէմ պատժիչ քայլերու բացակայութիւնը կը բերէ նորանոր ցեղասպանութիւններու ոչ միայն հայ ժողովուրդի հանդէպ, այլեւ առաջին իսկ առիթի պարագային այն իրականացուելու  է բոլորի հանդէպ անխտիր: Սա հասկնալով է, որ Լեմկինի ինստիտուտը այդպիսի յետեւողականութեամբ կը բարձրաձայնէ այդ հարցը՝ կոչ ընելով ուժեղ ճնշում գործադրիլ Բաքուի իշխանութիւններու հանդէպ: