Յայտնի է, որ Հայաստանի խորհրդայնացէն ետք, ստալինեան հակակրօնական քարօզչութեան եւ բռնաճնշումներու տարիներուն, Երեւան եւ Արեւելեան Հայաստանի շարք մը այլ բնակավայրերու մէջ քանդուեր են բազմաթիւ եկեղեցիներ։ Երեւանի քաղխորհուրդը 1931 թ-ին նաեւ որոշում կը կայացնէ քաղաքի կեդրօնին մէջ վեր խոյացող Սուրբ Պողօս-Պետրօս եկեղեցու քանդումին մասին, որու տեղը պետք է կառուցուեր կինոթատրօնի շէնք։

Թեեւ Երեւանի Պողօս-Պետրօս եկեղեցին կը թւագրուի 17-րդ դարով, սակայն քչերը գիտեն, որ եկեղեցու քանդումին ժամանակ շէնքի հիմքերէն յայտնաբերուեր են աւելի հին եկեղեցու յետքեր, իսկ պատերու որմնանկարներու շերտերու տակ աւելի հին որմնանկարներու պատկերներ, ինչը թոյլ է տուեր ենթադրիլ, որ եկեղեցին ոչ թէ 17-րդ դարուն է կառուցեր, այլ աւելի վաղ։

Հետաքրքիր է, որ 1920-30 ական թուականներուն, երբ կիրականացուեին եկեղեցու քանդումին աշխատանքները եւ երբ եկեղեցու պատերուն բացայայտուեցան հիմնաշերտի տակ պահուած որմնանկարները, մեծ իրարանցում տեղի ունեցաւ մասնագետներու շրջանին մէջ։

Յուշարձաններու պահպանութեան կոմիտէի նախագահ Ալեքսանդր Թամանեան եւ Աշխարհաբէկ Քալանթարն սկսան պայքարիլ շէնքը փրկելու ուղղութեամբ։ Անոնք բազմաթիւ զեկուցագիրներ, նամակներ կը յղեին այն ժամանակուա պետական այրերուն՝ մասնաւորապէս Լուսաւորութեան ժողովրդական կոմիտէի ղեկաւարին, պահանջելով եւ յորդորելով փրկիլ յուշարձանը։ Սկզբնական շրջանին որոշում կը կայացուի պահիլ շէնքի այն պատերը, որոնց վրայ կային որմնանկարներ, եւ մինչեւ 1939 թուականը որմնանկարակիր պատերը մացեր էին կանգուն։

Սակայն, քանի որ այս վայրին մէջ նոր շէնք կառուցելու որոշումը արդեն կայացուեր էր, եւ շէնքը կը կառուցուեր, 1939 թուականէն Կիեւէն հրաւիրուեցաւ մասնագէտ, որը ուսումանսիրելու էր եւ զբաղուեր որմնանկարներու տեղահանութեամբ։ Այսօր որմնանկարներէն որոշները կը պահուին Երեւանի պատմութեան թանգարանի եւ Հայաստանի Ազգային պատկերասրահի Որմնանկարներու սրահին մէջ։

Եկեղեցու տեղը կառուցուեր է «Մօսկուա» կինոթատրօնը։