17-րդ դարու սկզբներուն Նախիջեւանի շրջանը էթնիկ տեսանկիւնէ Հայաստանի միատարր կազմ ունեցող շրջաններէն էր, որի բնակչութեան ճնշող մեծամասնութիւնն հայեր էին։ Վերոյիշեալի մասին ուշագրաւ տեղեկութիւններ կը յաղորդէ 17-րդ դարու եվրոպացի ճանապարհորդ միսիոներ Վիլլօտը։ Սակայն տարածաշրջանի հայերու  համար աղետալի յետեւանքներ կունենան 17-րդ դարու թուրք-պարսկական պատերազմները։

Պարսից շահ Աբաս I ը 1603 թ կը սկսէ իւր արշավանքը։ Հայաստանին մէջ՝ Նախիջեւանի արեւելեան սահմաններէն մինչեւ Շիրակ ընկած տարածքը, ռազմական թատերաբեմի էր վերածուեր։ Կրօնաւոր ճանապարհորդ Անտուան Գոււեայի վկաիւթեամբ՝ ռազմական գործողութիւններու մէջ ընդգրկուած այդ շրջանները խիտ հայկական ազգաբնակչութիւն ուներ, կը յաշվուեին  քսանէն աւելի քաղաքներ եւ հազարաւոր գիւղեր։ Ռազմական գործողութիւններու ընթացքին, սթափ դատելով, որ ուժերու քանակական հարաբերութիւնն իւր օգտին չէ, եւ որ բաց ճակատամարտին մէջ թուրքերուն դիմադրելն անհնար կըլլա , շահ Աբասը կը նահանջէ՝ որոշելով ամայացնիլ ու բռնագաղթի ենթարկիլ թուրքական բանակի առաջխաղացումին ճանապարհին ընկած Նախիջեւանի քաղաքներն ու գիւղերը։ Այսպիսով՝ Ջուղա քաղաքը, 1605թ․-ին գրեթէ ամբողջութեամբ կը հայաթափուի։ 1812 թուականին անգլիացի դիւանագէտ Ուիլեամ Սուզլին Ջուղա այցելութեան ժամանակ նշեր է․ «Ես հետազոտեր եմ Ջուղայի աւերակները․ ողջ բնակչութիւնը միայն 45 հայկական ընտանիք էր, սակայն անցեալ բնակաչութեան թուաքանակի մասին կը վկայէ ընդարձակ գերեզմանոցը, որը կը գտնուի  բլուրի թեք լանջին եւ կիջնէ  մինչեւ գետը իւր բազմաթիւ գերեզմանաքարերու հետ, որոնք շատ խիտ են կանգնեցուած՝ զինւորական վաշտի նման․ ատ բազմաթիւ սերունդներու յիշատակ է, շատ դարերու արդիւնք»։