Վաշինգտոնը կոչ է ըրած Բաքուի իշխանութիւններուն ապահոուիլ Բերձորի ճանապարհով ապրանքներու եւ մարդկանց ազատ տեղաշարժը։ Այս մասին յայտներ է Եվրոպային մէջ անվտանգութեան եւ համագործակցութեան Կազմակերպութեան մէջ ԱՄՆ դեսպան Մայքլ Քարփէնթերը՝ կազմակերպութեան Մշտական խորհուրդի նիստին ատեն դիմելով Բաքուի իշխանութեան Արտաքին գործերու նախարարութեան ղեկաւար Ջեյնհուն Բայրամովին։
Անոր խոսքով՝ ԱՄՆ-ն խորապէս համոզուած է, որ առաջ գնալու միակ ճանապարհը խաղաղութիւնն է, երկխօսութիւնն ու Բաքուի իշխանութիւններու եւ Հայաստանի միջևեւ հարաբերութիւններու կարգավորումը՝ միմեանց ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան փոխադարձ յարգանքի հիման վրայ:
«Որպէս անվտանգութեան բարձրացման ելակետ՝ կոչ կընենք Բաքուի իշխանութիւններուն քայլեր ձեռնարկիլ Արցախին գազի եւ էլեկտրաէներգիայի մշտական մատակարարումն ապահովելու, ինչպէս նաեւ ապրանքներու եւ մարդկանց ազատ հոսքն ու տեղաշարժը ապահովելու համար, ատ թուին՝ Բերձորի ճանապարհով։ Աս կապակցութեամբ կոչ կընեմ Բաքուի իշխանութիւններուն յաւատարիմ մնալ Միաւորուած ազգերու կազմակերպութեան Միջազգային դատարանի փետրուար 22-ի որոշումին տառին եւ ոգուն», – նշեր է ԱՄՆ դեսպանը:
Անոր խօսքով՝ Միացեալ Նահանգները պիտի շարուանկեն աշխատիլ Բաքուի իշխանութիւններու ու Հայաստանի հետ երկկողմ եւ բազմակողմ մակարդակներու մէջ, ինչպէս նաեւ այնպիսի գործընկերներու միջոցով, ինչպիսիք են Եվրամիութիւնը եւ միջազգային կազմակերպութիւները, կաիւն եւ արժանապատիւ խաղաղութեան հասնելու համար:
Արեւմտեան Հայաստանի կառաւարութիւնն անդրադառնալով Հաագայի դատարանի որոշումին՝ կը ցանկանայ նշիլ, որ մեր կառաւարութիւնը չի ընդունէ այն բոլոր որոշումները, որտեղ Արցախի բնիկ ժողովուրդն կըկալուի իբրեւ հայ համայնք կամ ազգային փոքրամասնութիւն: Ժամանակն է հասկընալու, որ մենք կը պայքարինք, ոչ թէ կրօնական համայնքի կամ ազգային փոքրամասնութեան իրաւունքներու ոտնահարումին այլ Արեւմտեան Հայաստանի մաս կազմող բնիկ ժողովուրդի իրաւունքներու դէմ, եւ իրականացուող ցեղասպանութեան դէմ, որու անտեսումը պիտի վտանգէ միւս բոլոր ժողովուրդներիու կեանքը: Աս պատճառաւ կը ցանկընանք մեր ամերիկացի գործընկերներուն յիշեցնել, որ արցախցին բնիկ է ու իւր հողի տէրն է եւ ինքն կը տնօրինէ իւր ապագան: