Դադիւանքի վաղեմութեան ու հայկականութեան մասին կը փաստին վանքի պատերու վրայ պահպանուած արձանագրութւններն ու վանքի տարածքին մէջ գտնուող հնագոյն խաչքարերը: Այս մասին գրել է Հայ Առաքելական եկեղեցու Արցախի թեմը։
Վանքի կառուցումին մասին պատմական տեղեկութիւններ ու վկաիւթիւններ կան արտասահմանեան տարբեր գրականութիւններու եւ մասնագիտական աշխատութիւններու մէջ:
Մօսկուայի եւ Համայն Ռուսիո Կիրիլ Պատրիարքի օրհնութեամբ եւ խմբագրութեամբ հրատարակուած Ուղղափառ հանրագիտարանին մէջ ներկայացուած է Դադիւանքի կառուցումին, անուան ծագումնաբանութեան, դարերու ընթացքին հարձակումներիու եւ ավերածութիւններու ենթարկուած եւ կանգուն մնացած հայկական սրբավայրի մասին։ Աշխատութեան մէջ մանրամասն ներկայացուած են վանական համալիրին մէջ գտնուող շինութիւններու մասին պատմական փաստերն ու նկարագրութիւնները։
2014 թուականին ճարտարապետ Արա Զարեանի եև Իտալիայէն ժամանած վերականգնող Քրիստին Լամուրէի համատեղ ջանքերով մեկնարկեց Դադիւանքի որմնանկարներիու վերականգնումին գործընթացը, որը շարունակուեցաւ մինչեւ 2017 թուականը։ Մասնագէտները կատարուած աշխատանքներու մասին մանրամասն ներկայացուցեր են իւրեանց կողմէն հեղինակած «1214 թուականին կառուցուած Կաթողիկէ եկեղեցու 1297 թուականի որմնանկարներու պահպանական վերականգնում» գիրքին մէջ։ Գիրքը կը սկսուի Դադիւանքի պատմութեամբ ու նկարագրութեամբ, որուն կը շարունակեն մասնագէտներու կողմէն կատարուած աշխատանքներու արդիւնքներն ու բացայայտումները։ Մասնագէտներիու ծաւալուն աշխատանքի արդիւնքին վերջնականապէս պարզ դարձաւ Սուրբ Կաթողիկէ եկեղեցու ներսի որմնանկարներու պատմական տեսարաններն ու որմնանկարներու յստակ տարեթիւը՝ 1297թ.։