Եվրոպացի ճանապարհորդ-հնագէտ Ռոբերտ Կէր Փորտըրը 19-րդ դարու սկզբներուն Ջուղա ըլլալէն ետք նշեր է. «Ես չափազանցուցած չեմ ըլլա, եթէ ըսեմ, որ հազարաւոր գերեզմանաքարեր աչքի էին ինկած հայկական հին ցեղի այս հանգստարանին մէջ։ Յիրաւի, Արեւելքի այս մասնաւոր հողամասին մէջ զանազան յիշողութիւններ, որ կը ներկայանան մտքին, յարատեւօրէն կը թելադրին այն գաղափարը, թէ մարդ կը քալէմի լայնածաւալ գերեզմանոցին մը մէջ…»։Ջուղայի տեղահանութենէ ետք՝ 1648 թ., ճանապարհորդ Ալեքսանդր Ռոդէսը, անցնելով Ջուղայով, արձանագրեր է, որ այդտեղ կանգուն է եղեր շուրջ 10 հազար լաւ պահպանուած խաչքար։

Շահ Աբասէն երեք դար ետք կու գայ նոր, անգութ ձեռք մը՝ նաեւ գերեզմանոցն աւերելու։ 20-րդ դարուն տարածաշրջանը կը գտնուեր ցարական Ռուսաստանի կազմին մէջ, եւ անոնց կողմէն երկաթգծի կառուցումը (1903-1904 թթ.)՝ պատճառ հանդիսացաւ բազմաթիւ խաչքարերու ոչնչացոիմին «Եւ…ականներու խլացուցիչ պայթիւնները նայողին կարծիլ կու տան, որ ատ երկրորդ փոթորիկն է, որ կը պայթէ Հին Ջուղայի գլխուն»։

1914 թ.-ին մեծատաղանդ նկարիչ Մ. Սարեանը աս գերեզմանատանը ըլլալեն ետք գրեր է. «Ջուլֆային մէջ նայեցանք Ջուղայի յանճարեղ խաչքարերը։ Եւ խաչքարերու ատ անտառի միջով կանցներ երկաթուղին… խաչքարերն ինծի ապշեցուցին իւրեանց անկրկնելի գեղարուեստական արժէքով, մոտիւներու զարմանահրաշ բազմազանութեամբ ու ռիթմով։ Միաժամանակ ցնցուած էի՝ տեսնելով, որ անոնց մի մասը ոչնչացուեր են երկաթուղին անցկըցնելու ատեն»։

1920-21 թթ․Յարաւային Կովկասը զենքի ուժով խորհրդայնացուեղաւ, իսկ Նախիջեւանը եւ Արցախը բռնակցուեցան Բաքուին։ Յարկ է նշիլ,որ արդեն 20-րդ դարու վերջին Բաքուի իշխանութիւնը վերջնական ձեռնամուխ եղաւ Նախիջեւանի տարածքին մէջ հայկական խաչքարերը եւ, ընդհանրապէս, հայկական մշակութային ժառանգութիւնները ոչնչացնելու ուղղութեամբ։ Բաքուի իշխանութիւններու հրահանգով 1998 թուականի նոյեմբերուն սկսուեցաւ Ջուղայի գերեզմանատան ոչնչացումը, իսկ 2002 թուականի նոյեմբեր 9-էն վերսկսուեցաւ մշակութային ցեղասպանութիւնը։ Խաչքարերու ու խոյակերպ տապանաքարերու մի մասը տապալուեցաւ գետնին, մաս մ՛ըն ալ տեղափոխուեցաւ անյայտ ուղղութեամբ: Նոյն թուականի աշնանը, Արաքս գետի իրանական ափէն ականատեսներու կողմէն կատարած լուսանկարներու համաձայն, գերեզմանատանը ոչ մի  կանգուն խաչքար չէր մնացեր:

2005 թուականի դեկտեմբեր 10-14-ին, Բաքուի կառավարութեան  հրահանգով,  Բաքուի  զինուած ուժերու ստորաբաժանումները վերջնականապէս ոչնչացուցին  Ջուղայի հայկական գերեզմանատունը: Պատմամշակութային բազմադարեա յուշարձանի ավերումը տեղի ունեցաւ Բաքուի զինուած ուժերու շուրջ 200 զինծառայողներու կողմէն, որոնք ծանր մուրճերով ու քլունգներով խճազանգուածի վերածեցին եւ բեռնատար մեքենաներով Արաքս գետը թափեցին Ջուղայի գերեզմանատան այն խաչքարերն ու տապանաքարերը, որոնք դեռեւս մացեր էին 1998-2002 թուականներու ավերումէն ետք:

2006 թուականի մարտի սկզբէն ոչնչացուած պատմամշակութային յուշարձան հանդիսացող գերեզմանատան տարածքին մէջ Բաքուի իշխանութիւններու զինուած ուժերու համար կառուցուեցաւ հրաձգարան։