Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ  Հարությունեան յունիս 8-ին հանդիպեր է Արցախի ազատամարտիկներիու միութեան, Աֆղանական պատերազմի  վետերաններու միութեան եւ Պահեստազօրի սպաներու միութեան խումբ մը  անդամներու հետ։ Արցախի նախագահի աշխատակազմէն  NEWS.am-ին կը յայտնին, որ նախագահ Հարութիւնեան ներկայացուցեր է  ռազմաքաղաքական իրաւիճակը, խօսեր Արցախի անվտանգութեան ապահովումին գործին մէջ իշխանութիւններու քաղաքականութեան մասին։Նախագահը բարձր է գնահատեր  Հայրէնիքի պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան ամրապնդումին գործին մէջ հանդիպումին մասնակից կառոյցներու ունեցած աւանդը, գիտելիքներն  ու փորձը՝ պատրաստակամութիւն յայտնելով այն օգտագործիլ Արցախի համար կենսական  նշանակութիււն ունեցող ոլորտներու մէջ։