Կալիֆոռնիան ներկայացնող դեմոկրատ սենատօր Ալէքս Փադիլլան եւ Ֆլորիդայէն անոր հանրապետական գործընկեր Մարկօ Ռուբիոն ԱՄՆ Սենատ են ներկայացուցեր երկկուսակցական բանաձևեւ որը կոչ կընէ Միացեալ Նահանգներուն ուժեղացնիլ ճնշումն Բաքվի իշխանությունների նկատմամբ` Բերձորի ճանապարհի արգելափակումը դադարեցնելու համար։ Աս մասին կը յայտնէ «Ամերիկայի ձայն»-ը։

Թուիթերեան գրառմամբ Փադիլլան նշեր է. «Բաքուի իշխանութեան կողմէն Արցախի շրջափակումը աւելի քան 100 հազար հայերուն զրկեր է առաջին անհրաժեշտութեան ապրանքներէն։ Անմարդկային է եւ անընդունելի: Ահա թեէ ինչու ես հէնց նոր ներկայացուցի երկկուսակցական բանաձեւ, որը կը դատապարտէ  աս շրջափակումը եւ կոչ կընէ Միացեալ Նահանգներուն անյապաղ քայլեր ձեռնարկիլ»:

Սենատօր Մարկո Ռուբիոն եւս թուիթերեան գրառմամբ անդրադարձեր է բանաձեւին. «Հպարտ եմ միանալ սենատօր Ալէքս Փադելլային՝ երկկուսակցական բանաձեւ ներկայացնելու հարցին մէջ, որը կը դատապարտէ Բաքուի կողմէն Բերձորի ճանապարհի արգելափակումը։ ԱՄՆ-ը օգնելու է վերջ դնեիլ աս յումանիտար ճգնաժամին»:

Օրենսդրական նախաձեռնութիւնը, մասնաւորապէս, կոչ կընէ ԱՄՆ-ին պատժամիջոցներ կիրառիլ Բերձորի շրջափակումին եւ հայերու իրաւունքներու խախտումներու մէջ պատասխանատու ադրբեջանցի պաշտօնեաներու նկատմամբ, ինչպէս նաեւ կը յորդորէ Բայդէնի վարչակազմին դադարեցնիլ ամէն տեսակի ռազմական օգնութիււնը Բաքուի իշխանութիււններուն՝ ամբողջապէս կիրառելով 907-րդ բանաձեւով նախատեսուած դրոյթները: