Ապրիլեան պատերազմի զօհերէն Ադամ Սահակեան զօրամասին մէջ չէր ըսեր, որ կը կարողանայ լաւ նկարիլ կամ նախագծիլ (նա մասնագիտութեամբ ճարտարապետ–դիզայնէր էր), որպէսզի անոր առաջնագիծ տանին։Ադամն անվախ էր ու պատրաստ էր կեանքը տալ ոչ միայն հայրէնիքի, այլ նաւ իւր հարազատներու, ընկերներու համար։ Ատոր համար ալ նա առաջնագիծին վրայ կուզեր ըլլալ` անոնց կողքին, ովքեր կարող են վտանգի տակ ըլլալ: Ադամը դեռ մանկութենէ կը նայեր մարտական ֆիլմեր. ֆիլմեր, որոնք գուցէ նաեւ իւր մասին էին։
Սահակեան ծնուեր է 1996 թուականուն Երեւանին մէջ՝ լրագրող ու ռեժիսոր Գայանէ Անտոնեանի եւ շինարար Խաչատուր Սահակեանի ընտանիքը: 2002 թուականէ սովրեր է Երեւանի Խաչիկ Դաշտենցի անուան թիւ 114 աւագ դպրոցը, ապա 2013 թուականին ընդունուեր է Երեւանի ճարտարապետութեան եւ շինարարարութեան պետական համալսարանի ճարտարապետա-դիզայներական ֆակուլտետը։ Զբաղուեր է կարատեով եւ ստացել դեղին գոտի։ Զբաղուեր է նաեւ մարտարուեստի այլ տեսակներով, այդ թուին՝ բռնցքամարտով: Ադամ Սահակեան 2015 թուականի յունւար 26-ին զօրակոչուեր է բանակ եւ կը ծառայէր Արցախին մէջ։ 2016 թուականի ապրիլ 1-ի լոյս 2-ի գիշերը Բաքուի իշխանութիւնները լայնամասշտաբ հարձակում կը գործեն Արցախին վրայ։ Ադամ Սահակյանը սահմանապահ գումարտակէն էր, ապրիլ 1-ի առաւօտեան բարձրացեր էր դիրքեր եւ նոյն օրուա գիշերը՝ ժամը 3։00-ի սահմաններուն տեղի է ունեցեր հարձակումը։ Թշնամու կողմէն դիրքերու՝ 15-20 րոպե տեւած ծանր հրետակօծութենէ ետք 112 դիրքի («Լալայկա» կոչվող բարձունք) աւագ Ադամ Սահակեանի գլխաւորութեամբ 7 հոգիէն բաղկացած սահմանապահ ուժերն կանցնին շրջանաձեւ պաշտպանութեան: Սերժանտ Ադամ Սահակեանը, իւր զինակից ընկերներու հետ 5 ժամ շարունակ մարտնչելով թշնամու դէմ, հասցնելով անոր զգալի կորուստներ (200-ից աւելի սպանուած յատուկջոկատային), կընկնէ Հերոսի մահով՝ առաւօտեան ժամը 8:00-ի սահմաններուն, մարմինին եւ դեմքին ստացած ծանր հրազենային վիրաւորումներէն։ Ադամ Սահակեանի՝ թշնամու դէմ մղած 5-ժամեա պայքարը հնարաւորութիւն է տուեր Ջրականի հայկական գունդին տեղակայուել ռազմաճակատի 2-րդ գիծին վրայ եւ կանգնեցնիլ հակառակորդին: Ադամ Սահակեանը հետմահու պարգեւատրուերլ է Արցախի Հանրապետութեան «Մարտական ծառաիւթիւն» եւ Հայաստանի Հանրապետութեան «Արիութեան» պետական մեդալներով: