Արցախի մշակութային ժառանգութեան մշտադիտարկում իրականացնող monumentwatch.org կայքը կը գրէ․

«Ինչպէս յստակ կերեւի  «Կօւկասի ժառանգութեան մշտադիտարկում» (“Caucasus Heritage Watch” ) կայքի հրապարակած տիեզերական լուսանկարէն, Բաքուի իշխանութիււնը բունկերներ է փորեր Արցախի Հանրապետութեան Մարտակերտի շրջանի Հայկաջուր գիւղը գտնուող Գյաւուրկալա (բառացի՝ անհաւատներու բերդ) հայկական վաղքրիստոնեական բնակատեղիի դամբարանադաշտի տարածքին վրայ:

Գյաւուրկալան Տիգրանակերտէն ետք Արցախեան տափաստանի ամենաընդարձակ վաղքրիստոնեական հայկական բնակատեղին է: Այն կը զբաղեցնի մօտ երկու հեկտար տարածութիւն, ունէ շուրջանակի հողապարիսպ, 5-6-րդ դարերու միասրահ եկեղեցի՝ կառուցվուած սրբատաշ քարերով եւ յարդարուած խաչային յորինուածքներով: Դեռեւս կանգուն էր վաղքրիստոնեական կոթողի սիւնը:  Քաղաքի դամբարանադաշտին մէջ, հէնց այնտեղ, որտեղ այսօր բունկերներ են փորուեր, անցած դարու 50-ական թուականներուն գտնուեր է Արցախեան տափաստանի ամէնավաղ հայերէն արձանագրություիւններէն մեկը:

Բացառուած չէ, որ հայերէն արձանագրութիւններով այլ սարկոֆագներ նոյնպէս գտնուին այդ տարածքին վրայ:

 Արեւմտեան Հայաստանի կառաւարութիւնը կը գտնէ, որ Բաքուի իշխանութիւնը համառօրէն կը շարունակէ հայկական յետքերու ոչնչացումը գրաւեալ տարածքներու մէջ:  Մեծ վտանգ կայ, որ նման բունկերներ կը տեղադրուին եւ բուն բնակատեղիի տարածքին վրայ:

Համաձայն «Զինուած յակամարտութիւններու ժամանակ մշակութային արժեքներու պաշտպանութեան մասին» Հաագայի 1954 թուականի կոնվենցիայի 4.1-րդ յօդուածի․ «․․․ պետութիւնները կը պարտաւորուին յարգել իւրեանց, ինչպէս նաեւ միւս կողմերու տարածքներու վրայ  գտնուող մշակութային արժեքները՝ արգելելով այդ արժեքներու, ատոնց անմիջական շրջակայքի եւ պաշտպանական կառոյցներու օգտագործումն այնպիսի նպատակներով, որոնք զինուած ընդհարման պարագային կարող են յանգեցնեիլ այդ արժեքներու աւերումին կամ վնասուելուն, եւ ձեռնպահ մնալով այդ արժեքներիու դէմ ուղղուած թշնամական որեւէ գործողութենէն»: Ըստ Ժնեւի  1949 թուականի օգոստոս 12-ի համաձայնագիրի առաջին արձանագրութեան 53-րդ յօդուածի «Կարգելուի  մշակութային ժառանգութեան դէմ իրականացնիլ ցանկացած թշնամական գործողութիւն, ռազմական նպատակներով օգտագործիլ ատոնք, կամ  յաշւեյարդարի առարկա դարձնիլ»: Բաքուի իշխանութիւնը հերթական անգամ կոպտօրէն կը խախտէ միջազգային համաձայնագիրներով ստանձնած իւր պարտաւորութիւնները»։