ԱՄՆ Կոնգրէսի ներկայացուցիչներու պալատի յատկացումներու ենթահանձնաժողովի հզօր վարկանիշային դեմոկրատ, կոնգրեսական Բարբարա Լին (Կալիֆորնիա նահանգի Քալիֆորնիա) կը յորդորէ Կոնգրեսի իւր գործընկերներուն կոչ ընիլ Բայդէնի վարչակազմին դադարեցնիլ ԱՄՆ-ի ռազմական օգնութիւնը Բաքուի իշխանութիւններուն՝ յաշուի առնելով Ալիեւի կողմէն վեց ամիս շարունակուող դաժան շրջափակումը Արցախի 120,000 բնիկ հայ քրիստոնեա բնակչութեան նկատմամբ:

Կոնգրեսական Լիի նամակը պետքարտուղար Էնթոնի Բլինքէնին կը նախաձեռնուի այն ժամանակ, երբ Հայաստանի եւ Բաքուի իշխանութեան արտաքին գործերու նախարարները կը ծրագրին բանակցութիւններիու եւս մէկ փուլ անցկըցնիլ Վաշինգտոնին մէջ յաջորդ շաբաթ: Նամակին մէջ  կընդգծուի, որ «Բաքուի իշխանութեան կողմէն Արցախի երկարատեւ շրջափակումը եւ հայկական ինքնիշխան տարածքի շարունակական բռնազաւթումը ոչ միայն կը սպառնայ վտանգի տակ դնիլ յակամարտութիւններու կարգաւորումին աննշան ջանքերը, այլեւ լրջօրէն կը վտանգէԱրցախի հայ բնակչութեան անվտանգութիւնն ու բարեկեցութիւնը»։

Կոնգրէսական Լիի նամակին մէջ  կասուի .«Այս շարունակուող շրջափակումին եւ նախագահ Ալիեւի շարունակուող սպառնալիքներու համատեքստին մէջ Ազատութեան Աջակցութեան ակտի 907-րդ յօդուածէն նախագահի հրաժարման երկարաձգումը վտանգաւոր ուղերձ կը յղէ Ադրբեջանի կառաւարությեանը, որ ատոր համար որեւէ յետեւանք չի ըլլա՝ ահաբեկման, սովի եւ մահացու ուժի միջոցով Արցախի հայերուն պարտադրելու իւր կամքը»: