Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործերու նախարարութեան տարածած յայտարարութեան մէջ մասնաւորապէս կասուի․

«Բաքուի իշխանութեան զինուած ուժերը յունիս 13-ին, հերթական անգամ դիմելով ուժի կիրառումին, կրակ են բացեր Հայաստանի Հանրապետութեան Երասխ բնակավայրին քով տեղակայուած ՀՀ Զինուած ուժերու դիրքերու եւ քաղաքացիական նշանակութեան օբյեկտներու նկատմամբ: Յատկանշական է, որ ադրբեջանական կողմը թիրախաւորուած կրակ է վարեր Երասխ գտնուող օտարերկրեա ներդրումներու միջոցով կառուցուող մետալուրգիական գործարանի ուղղութեամբ: Ասոր նախորդեր էին Բաքուի իշխանութեան կեղծ մեղադրանքները հայկական կողմի հասցեին վերոնշյալ գործարանի կառուցման վերաբերյալ: Հայաստանի Հանրապետությունը նախորդիւ արդեն յայտներ էր, որ գործարանի կառուցումը լիովին կը համապատասխանէ իւր միջազգային պարտաւորութիւններուն:  Այժմ, գնդակոծելով կառուցուող գործարանը, Բաքուի իշխանութիւնը բացայայտ արհամարհանք կը ցուցաբերէ ՀՀ միջազգայնօրէն ճանաչուած սահմաններու, մարդու իրաւունքներու եւ միջազգային իրաւունքի նկատմամբ: Աւելին՝ Բաքուն հետեւողականօրէն կապացուցէ, որ Հայաստանի Հանրապետութեան հետ բոլոր ուղղութիւններով բանակցային գործընթացներու մէջ կառաջնորդուի միմիայն ուժի ապօրինի կիրառմամբ իւր ցանկալի լուծումները Հայաստանի Հանրապետութեանը պարտադրելու սկզբունքով, ինչի համար նպաստող կամ խրախուսող միջավայր կընկալէ միջազգային հանրութեան մեղմ արձագանքը եւ ամէնաթողութիւնը»: