Յերթական մշակութային վանդալիզմը. «Կօւկասի ժառանգութեան մշտադիտարկում» (Caucasus Heritage Watch) կայքը հրապարակեր է տիեզերական լուսանկարներ, որտեղ կ’երեւի, որ ադրբեջանցիները աւերեր են Հալիւորի կամուրջը։ Հալիւորի կամ Հալեւորի կամուրջը կը գտնուի Յադրութի շրջանի Մեծ Թաղեր գիւղէն 2կմ հարաւ-արեւմուտք` Իշխանագէտի վրայ: Համաձայն կամուրջի հօսքընթաց ճակատին ագուցուած քարի վրայ փորագրուած եւ ցարդ պահպանուած շինարարական 7 տողանի արձանագրութեան` կառուցուեր է 1835թ.: Այն Իշխանագէտի եւ անոր վտակներու վրայ կառուցուած 6 կամուրջներէն մեկն է, որոնցմէ չորսն անխափան կը պահպանուին եւ գործում կը գործին: Հալիւորի կամուրջն ասես Իշխանագէտի կանաչ գոտին ըլլայ: Իրականում ատ գոտին Մեծ Թաղերու տարածքը գետի վրայով կը կապէ Տումի գիւղի տարածության հետ: Միակամար, կիսագլանաձև թաղով ծածկված կամուրջն իրար է կապել ժայռոտ ձորափերը: Այն ունէ 20 մետր երկարութիւն, 3 մետր լայնութիւն եւ 9 մետր բարձրութիւն: Կամարային բացուածքի լայնութիւնը կը կազմէ 9 մետր: Շինարարական կիսաեղծ արձանագրութիւնը կը գտնուի հիւսիս-արեւմտեան խելի պատին ագուցած արձանագրութեան մէջ: Անհրաժեշտ է նշիլ, որ այս կամուրջն իւր կառուցուածքով եւ դիրքով կը տարբերուի միսներէն:Կառուցուած է որձաքարի խոշոր եւ մանր անտաշ բեկորներէն, ամուր կրաշաղախով: Արցախի Հանչապետութեան պատմական միջավայրի պահպանութեան պետական ծառաիւթիւն:
Արեւմտեան Հայաստանի կառաւարութիւնը Բաքուի իշխանութիւններու մշակութային վանդալիզմի քաղաքականութիւնն կընկալէ իբրեւ թուրքական ցեղասպան եւ տարածքի նվաճումին ընդհանուր քաղաքականութեան մաս մը, որն արդեն կը շարունակուի դարեր ի վեր: Բայց այդ քաղաքականութիւնն արդեն ուղղուած է յստակ հասցեատիրոջ, որն Արեւմտեան Հայաստանի՝ դեռեւս 1917-1920 թուականներուն քսանէն աւել պետութիւններու կողմէն ճանաչուած Հանրապետութիւնն է: Այս եւ շարք մը այլ խնդիրներու մասին Արեւմտեան Հայաստանը՝ ի դէմս նախագահ Արմենակ Աբրահամեանի, կը բարձրաձայնէ այլ հարցերու շուրջ ելոյթ կունենայ ՄԱԿ-ի եւ ՄՍՄԿ-ի նախագահութեանը:
Վերջին զեկոյցները ներկայացուեցան 2023 թուականի յունիս 5-9-ը կայացած նիստերուն, որոնք լուսաբանուեցան մեր յեռուստատեսութեամբ: