Western Armenia tv-ին կը շարուրանկէ ուսումնասիրել ՝  Հայկական զարդերը եւ ատոնց նշանակութիւնը։ Աս նախագիծը չափազանց կարեւոր առաքելութիւն ունի։ Մեր յետազօտութեան արդիւնքին հասկըցանք, որ ժամանակակից ոսկերչութեան եւ արծաթագործութեան մէջ նոյնպէս կը յանդիպին հայկական աւանդական մտածողութեամբ պատրաստուած զարդեր:Ուշագրաւ են ոչ միայն վերջին հարիւրամեակներու, այլեւ հնագիտական  պեղումներու միջոցով յայտնաբերուած չափազանց իւրայատուկ եւ արտակարգ ճաշակով կատարուած հնագոյն զարդերը: Այսօր անհրաժեշտութիւն կա համակարգիլ եւ մեկտեղիլ բոլոր այն զարդերը, որոնք ծագեր են Հայկական լեռնաշխարհի վաղագոյն  մշակոյթներու մէջ ` ցոյց տալով ատոնց իմաստաբանութիւնը, ավանդոյթներու անընդյատականութիւնը եւ  շարունակականութիւնը: Բոլոր ժամանակաշրջաններու զարդերն ընդօրինակելու կամ անոնց յիման վրայ նոր տարբերակներ ստեղծելու շնորհիւ շլացուցիչ արդիւնքներու կարելի է հասնիլ ժամանակակից ոսկերչութեան ոլորտին մէջ։