Արցախի՝ արդեն 200 օր շարունակուող շրջափակումի մասին ահազանգելու նպատակով յունիս 28-ին ժամը 20։00-ին Փարիզի «Գավո» յայտնի համերգասրահին մէջ կայանալու է մշակութային եզակի երեկոյ «Հայաստանը՝ կեանքի ճանապարհ» (Arménie, la route de la vie) խորագիրով։Աս մասին կը տեղեկանանք Ֆրանսիոյ մէջ ՀՀ դեսպանութեան դիմատետրին էջէն:

«Ֆրանսիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանութեան, Արցախի ներկայացուցչութեան եւ «Արցախի բարեկամներու» խումբի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուող այս բացառիկ երեկոյի ընթացքին ֆրանսիացի շուրջ երկու տասնեակ մտաւորականներ, գրողներ եւ արուեստի գործիչներ կը դառնան աշխարհէն մեկուսացուած արցախահաիւթեան խօսնակները եւ կը ներկայացնին վերջիններուս ներկայիս առօրեա իրականութիւնն ու ապրումները՝ անոնց նամակներու ընթերցումին միջոցով։ Երեկոյի ընթացքին կը հնչեն երաժշտական կատարումներ յայտնի արուեստագէտներու կատարմամբ»,-նշուած է դեսպանութեան դիմատետրին էջին։